altՀ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­յի գրա­սե­նեա­կը նոր թափ կը հա­ղոր­դէ Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցին:
Այս մա­սին, ըստ Armenpress.amի, ը­սած է Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­յի Յանձ­նա­խում­բի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու ­Պե­տօ ­Տէ­

միր­ճեան: «­Մե­զի հա­մար Ար­ցա­խի ճանա­չու­մը աշ­խա­տան­քա­յին թիւ մէկ հարցն է: Այդ սկզբուն­քէն մեկ­նե­լով` ­Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­յի Յանձ­նա­խում­բը կը շա­րու­նա­կէ եւ­րո­պա­կան տար­բեր շրջա­նակ­նե­րու մէջ բարձրաց­նել Ար­ցա­խի հար­ցը:

Աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րո­ւին թէ՛ դէ­պի Եւ­րո­պա Ար­ցա­խի պաշ­տօ­նեա­նե­րու այ­ցին, թէ՛ քայ­լեր կը ձեռ­նար­կո­ւին եւ­րո­պա­ցի պաշ­տօ­նեա­նե­րու այ­ցը Ար­ցախ կազ­մա­կեր­պե­լու ուղ­ղու­թեամբ»,- ը­սած է ­Պե­տօ ­Տէ­միր­ճեան: Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Պել­ճի­քա­յի պատ­գա­մա­ւո­րա­կան խում­բի վեր­ջին այ­ցին Ար­ցախ` ­Պե­տօ ­Տէ­միր­ճեան նշած է, որ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը դրա­կան են: Եւ­րո­պա­ցի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­նա­լու Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րին, ինչ­պէս նաեւ տես­նե­լու, թէ ինչ­պէս կը զար­գա­նայ Ար­ցա­խը:

«­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան խում­բին այս վեր­ջին այ­ցե­լու­թե­նէն ետք կրնանք ար­ձա­նագ­րել, որ ­Պել­ճի­քա­յի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն մէջ Ար­ցա­խի դիր­քե­րը կ­՝ամ­րա­նան: Ա­նոնք պատ­շաճ ձե­ւով տե­ղե­կա­ցո­ւե­ցան Ար­ցա­խի խնդի­րին վե­րա­բե­րեալ: ­Յա­ռա­ջի­կա­յին ալ պի­տի շա­րու­նա­կենք աշ­խոյժ աշ­խա­տան­քը»,- ը­սած է ­Պե­տօ ­Տէ­միր­ճեան:

­Պե­տօ ­Տէ­միր­ճեան կա­րե­ւոր հա­մա­րած է նաեւ սպա­սո­ւող Ե­րե­ւան–Պ­րիւք­սէլ ու­ղիղ չո­ւեր­թի ի­րա­կա­նա­ցու­մը, որ նա­խա­տե­սո­ւած է մին­չեւ տա­րե­վերջ: