altԵ­րու­սա­ղէ­մի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Ժոր­ժէ­թա Ա­ւա­գեան կը յայտ­նէ, թէ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ճնշում բա­նեց­նել խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րուն վրայ՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գծով:

«Կ­՛ակն­կա­լո­ւի, որ ­Նո­յեմ­բե­րին Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ քննար­կեն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող եւ դա­տա­պար­տող բա­նա­ձե­ւը: Ք­նե­սե­թի (խորհր­դա­րան) ան­դամ­նե­րէն շա­տե­րը կը յայտ­նեն, թէ կ­՛ըն­դու­նին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, բայց կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ի­րենց վրայ ճնշում կը գոր­ծադ­րէ եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ կը վախ­նան»,- կ­՛ը­սէ Ա­ւա­գեան:

«Այ­սօր ա­մե­նա­մեծ խնդի­րը կ­՚ա­ռա­ջաց­նէ Ատր­պէյ­ճա­նը, մա­նա­ւանդ որ Իս­րա­յէ­լի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ա­ւիկ­տոր ­Լի­պեր­ման շատ սերտ կա­պեր ու­նի ­Պա­քո­ւի հետ: ­Լի­պեր­մանն է, որ մե­ծա­պէս կը խո­չըն­դո­տէ մեր աշ­խա­տան­քը:

Ե­թէ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով խո­չըն­դոտ­ներ կը դնէ ­Թուր­քիան, ա­պա հոս ­Թուր­քիա գրե­թէ ո­չինչ կ­՛ը­նէ, քա­նի որ իր բա­րե­կամ Ատր­պէյ­ճա­նը ար­դէն իսկ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի»,- կ­՛ա­ւելց­նէ ան: ­Միա­ժա­մա­նակ՝ ­Հայ ­Դա­տի գրա­սե­նեա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը յոյս յայտ­նած է, որ Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը այս ան­գամ «կը յա­ջո­ղին ճիշդ ելք գտնել ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կէն»:

«­Կը յու­սամ, որ ներ­կա­յա­ցո­ւած բա­նա­ձե­ւը գո­նէ այս ան­գամ կը վա­ւե­րա­ցո­ւի, քա­նի որ Իս­րա­յէ­լի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 80 տո­կո­սը, կ­՛ը­սէ, թէ ա­մօթ է, որ Իս­րա­յէլ մին­չեւ այ­սօր չէ ճանչ­ցած եւ դա­տա­պար­տած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»,- կը յայտ­նէ Ա­ւա­գեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ երբ Իս­րա­յէլ ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, շատ եր­կիր­ներ եւս, յատ­կա­պէս ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը, պի­տի հե­տե­ւին ա­նոր օ­րի­նա­կին:
Ն­շենք, որ Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նի կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մար­զան­քի յանձ­նա­խում­բը Օ­գոս­տոս 1ին պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: