Print
Category: Հայ Դատ

altԵւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի Խորհրդա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վի (Ե.Խ.Խ.Վ.) հա­յաս­տա­նեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ու­նի յստակ ռազ­մա­վա­րու­թիւն եւ հնա­րա­ւո­րինս պատ­րաստուած է յա­ռա­ջի­կայ ձմեռ­նա­յին նստաշրջա­նի օ­րա­կար­գին մէջ ընդգր­կո­ւած հա­կա­հայ­կա­կան զե­կոյց­նե­րուն հա­կա­հա­րո­ւած տա­լու:

 

Այս մա­սին, ըստ Armenpress.amի, ը­սած է Ե.Խ.Խ.Վ. հա­յաս­տա­նեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամՀա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան Ա.Ժ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Նա­յի­րա Կա­րա­պե­տեան: «­Մենք մշա­կել ենք եւ ու­նենք յստակ մար­տա­վա­րու­թիւն, սա­կայն ներ­կայ պա­հին չեմ կա­րող հրա­պա­րա­կել մեր քայ­լե­րը: Դա սխալ կը լի­նի: Ես լիա­յոյս եմ, որ մենք կը կա­րո­ղա­նանք դրա­կան ար­դիւն­քի հաս­նել»,- ը­սած է պատ­գա­մա­ւո­րը:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ե.Խ.Խ.Վ. ձմեռ­նա­յին նստաշր­ջա­նի օ­րա­կար­գի եր­կու հա­կա­հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւե­րուն դէմ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մա­ցան­ցա­յին ստո­րագ­րա­հա­ւա­քին, որ կազ­մա­կեր­պած է Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի Գ­րա­սե­նեա­կը` Նա­յի­րա Կա­րա­պե­տեան նշած է, որ նստաշըր­ջա­նի ըն­թաց­քին հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը պի­տի բարձ­րա­ձայ­նեն ա­նոր ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին: «Ես վստահ եմ, որ մին­չեւ Յու­նո­ւա­րի 25ը, երբ կը մեկ­նար­կի ձմե­ռա­յին նստաշր­ջա­նը, այդ ստո­րագ­րա­հա­ւա­քին շատ մար­դիկ միա­ցած կը լի­նեն: Դա կը գայ ա­պա­ցու­ցե­լու այն հան­գա­ման­քը, որ մենք պա­տո­ւի­րա­կո­ւած ենք խօ­սե­լու ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, այլ ողջ հա­յու­թեան ա­նու­նից: Դա պէտք է, որ դրա­կան ար­դիւնք տայ»,- ընդգ­ծած է Նա­յի­րա Կա­րա­պե­տեան:

Ե.Խ.Խ.Վ. ձմեռ­նա­յին նստաշըր­ջա­նը պի­տի մեկ­նար­կէ Յունուար 25ին: Նս­տաշր­ջա­նի օ­րա­կար­գին մէջ ընդգր­կո­ւած են հա­կա­հայ­կա­կան եր­կու զե­կոյց­ներ: Զե­կոյց­նե­րէն մէ­կը, ո­րուն հե­ղի­նակն է բրի­տա­նա­ցի պատ­գա­մա­ւոր Ռո­պերթ Ո­ւոլ­թըր, կը կրէ «Բռ­նու­թիւն­նե­րու ա­ճը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի այլ գրա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րու մէջ» ա­նո­ւա­նու­մը: Երկ­րորդ զե­կոյ­ցը կը վե­րա­բե­րի Սար­սան­կի ջրամ­բա­րին եւ կը կրէ «Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րու բնակ­չու­թիւ­նը մի­տում­նա­ւոր զրկո­ւած է ջու­րէ» խո­րա­գի­րը: Զե­կոյ­ցին հե­ղի­նա­կը պոս­նիա­ցի պատ­գա­մա­ւոր Մի­լի­ցա Մար­գո­վիչն է: Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի Գ­րա­սե­նեա­կի կազ­մա­կեր­պած ստո­րագ­րա­հա­ւա­քին ար­դէն միա­ցած է 1012 մարդ: