alt«­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը Ար­ժան­թի­նի պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մաս է, ոչ թէ հա­տո­ւա­ծա­կան պայ­քար»,- NEWS.amի թղթա­կի­ցին հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նման կար­ծիք յայտ­նած է Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դամ, Սո­ցին­տեր­նի՝ Ա.Պ.Հ., Կով­կա­սի եւ Մերձ-սեւ­ծո­վեան եր­կիր­նե­րու յանձ­նա­ժո­

ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Մա­րիօ Նալ­բան­դեան, որ աշ­խու­ժօ­րէն կը մաս­նակ­ցի Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ Հայ Դա­տի գրա­սե­նեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան։ «­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ մենք պայ­քա­րած ենք եւ այ­սօր կրնանք ը­սել, որ Ար­ժան­թի­նի իւ­րա­քան­չիւր կու­սակ­ցու­թիւն եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին կը վե­րա­բե­րի ա­մե­նայն լրջու­թեամբ։ Նոր ընտ­րո­ւած նա­խա­գահն ալ ե­ղած է Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի քա­ղա­քա­պետ եւ 8 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին միշտ ա­ջակ­ցած է մե­զի։ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ ար­դէն իսկ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ա­լիք սկսած է, զոր պէտք է շա­րու­նա­կել»,- ը­սած է Մա­րիօ Նալ­բան­դեան։

Հ.Յ.Դ. ան­դա­մի խօս­քով՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցէն ետք, պէտք է անց­նիլ նոր փու­լի, ուր մեր ի­րա­ւա­կան պա­հանջ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նենք։

Ըստ ար­ժան­թի­նա­հայ գոր­ծի­չի՝ հա­յե­րու վա­րած պայ­քա­րը օ­րի­նակ ե­ղած է նաեւ ու­րիշ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար, ին­չը ող­ջու­նե­լի է։