Print
Category: Հայ Դատ

altՀա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կան, յատ­կա­պէս Ու­րու­կո­ւէ­յը, նա­խորդ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին շատ զօ­րա­ւոր պատ­գամ­ներ յղած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով:

Այս մա­սին News.amի թղթա­կի­ցին հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սած է Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի նախ­կին ան­դամ, Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի Ա.Պ.Հ. եր­կիր­նե­րու, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եւ Մերձ-սեւ­ծո­վեան պե­տու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի փոխ-նա­խա­գահ Մա­րիօ Նալ­պան­տեան, որ աշ­խու­ժօ­րէն կը մաս­նակ­ցի Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ Հայ Դա­տի գրա­սե­նեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան:

Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան ճա­նա­չու­մը բնա­կա­նա­բար դիւ­րին հո­լո­վոյթ չէ: «Կ­՛ու­զեմ ընդգ­ծել, որ այս տա­րի Ու­րու­կո­ւէ­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­ւիս Ալ­մակ­րօ շատ վառ ե­լոյթ ու­նե­ցած էր, ո­րուն ըն­թաց­քին ող­ջու­նած էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղո­վուր­դը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թած: Այդ յայ­տա­րա­րու­թեամբ ան հակուած էր ճանչ­նա­լու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թիւ­նը: 3 տա­րի ա­ռաջ Ու­րու­կո­ւէ­յը խորհր­դա­րա­նա­կան պատուիրա­կու­թիւն ու­ղար­կած էր Ղա­րա­բաղ: Երկ­րի խորհր­դա­րա­նի ղե­կա­վարն ու բազ­մա­կու­սակ­ցա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լած էին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ եւ հա­մա­պա­տաս­խան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած», յի­շե­ցու­ցած է Մա­րիօ Նալ­պան­տեան:

Ան նշած է, որ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ շատ բարձր է ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի գի­տակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կը: «Այդ մէ­կը կը խթա­նէ շա­րու­նա­կել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­նաչ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: Հո­լո­վոյ­թը, ինչ­պէս ը­սի, բարդ է, բայց այս պա­րա­գա­յին ճշմար­տու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին կողմն է, եւ մենք պէտք է շա­րու­նա­կենք այդ աշ­խա­տանք­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը», ա­ւել­ցու­ցած է Մա­րիօ Նալ­պան­տեան: