Print
Category: Հարցազրոյցներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Օգոստոսի կիսուն, Պիքֆայայի մէջ կայացաւ կրթական Գ. խորհրդաժողովը, ուր Յունաստանէն մասնակցութիւն բերաւ մտաւորական եւ կրթական մշակ, Յունաստանի «Ճէնազեան» միջնակարգի նախկին տնօրէն ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեանը։
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը դիմեց իրեն, որպէսզի Ժողովի մթնոլորտի եւ եզրայանգումներու մասին իր տպաւորութիւնները փոխանցէ մեզի։

Ընկ. Միհրան,  Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան հրաւէրով եւ իբրեւ զեկուցողներէն  մէկը,  մասնակցեցաք դուք  Արամ Ա. վեհափառին նախաձեռնութեամբ կայացած Կրթական Գ. Խորհրդաժողովին: Կարելի՞ է հակիրճ տեղեկանք մը:

Արեւմտահայերէնի պահպանութեան նպատակով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնած համասփիւռքեան կրթական Գ. խորհրդաժողովը տեղի  ունեցաւ կաթողիկոսարանի դպրեվանքին մէջ, Պիքֆայա,  Օգոստոս 18-20, երեք օրերու վրայ տարածուող տասը նիստերով: Օրակարգի տասը հարցեր նախատեսուած էին, որոնց իւրաքանչիւրին համար երեք զեկուցողներ տարբեր անկիւններէ տասը վայրկեանի սահմաններու մէջ ներկայացուցին իրենց ուսումնասիրութիւնները: Զեկուցողներու եւ հրաւիրեալ ժողովականներու համագումարը վաթսուն էր, որոնց բոլորին տրուեցաւ առիթը, որպէս զի իրենց տեսակէտները յայտնեն քննարկուած հարցերուն մասին: Խորհրդաժողովը իսկապէս համասփիւռքեան բնոյթ ունէր, տրուած ըլլալով որ մասնակիցները սփիւռքեան տարբեր երկիրներէ  էին եւ իրենց զեկոյցները կ’ենդգրկէին նաեւ տեղական փորձառութիւններէ քաղուած հաստատումներ, մատնանըշումներ:  Կոնստանդնուպոլիս, Սուրիա, Լիբանան, Կիպրոս, Քուէյթ, Ֆրանսա, Լոնտոն, Ամերիկա,-արեւելեան ու արեւմտեան շրջաններէ- եւ անշուշտ Յունաստան  նեկայ էին ժողովին: Հայաստանէն կը մասնակցէր գրողներու միութեան նախագահը‘ Լեւոն Անանեան: Արժանթինէն ու Գանատայէն հրաւիրեալները չէին կրցած ժամանել, բայց եւ այնպէս Արժանթինի զեկուցողը   գրաւոր իր մտածումները ուղարկած էր խորհրդաժողովին՝ ի նկատառութիւն:            

Ըստ ձեր գնահատումին կարելի՞ է արդիւնաւոր նկատել խորհըրդաժողովը իր ընթացքով ու եզրայանգումներով:

Չեմ վարանիր ըսելու, որ խորհրդաժողովը ըստ ժամանակացոյցի իր օրինակելի ընթացքով, կազմակերպչական մանրամասնութիւններով եւ բովանդակութեամբ, արդիւնաւոր ըլլալու բոլոր տուեալները կ’ամբողջացնէր յառաջագունէ, նկատի ունենալով մասնակցողներու մտաւորական պատրաստուածութիւնն ու կշիռը, ինչպէս նաեւ նախորդ երկու խորհրդաժողովներու նախընթացն ու յատկապէս վեհափառ հայրապետին ժողովական հմտութիւնն ու  վիթխարի փորձը:  Ընդգծելի է, որ բացի մէկէն,-յայտնօրէն շատ կարեւոր պատճառով.- մնացեալ բոլոր նիստերուն, ժողովականներուս  օրինակելի դառնալու ճշդապահութեամբ վեհափառը ներկայ էր ու կը հովանաւորէր խորհրդաժողովի աշխատանքները:
Այս Գ. Խորհրդաժողովը փաստօրէն եւ գործնականօրէն յառաջընթաց արձանագրեց, քանի որ  ախտաճանաչումներ ու խորքային վերլուծումներ կատարելէ եւ յանգելէ ետք  որոշակի եզրակացութեանց, յստակացուց հետապնդուելիք թիրախները՝ ընդգծելով այդ թիրախներուն հասնելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Այս առումով ալ այս երրորդը կարելի է նկատել նախորդ խորհրդաժողովներուն պսակումը: 

Իսկ զեկուցումնե՞րը.

Զեկուցումները,- ընդհանրապէս խտացեալ ուսումնասիրութիւններ,- նախասահմանուած տասը վայրկեաններու մէջ  յաջողեցան ներկայացնել իրենց շօշափած նիւթը, միաժամանակ  խայծ եղան ժողովականներուն, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին  միջամտութիւններ կատարեն  ու  տեսակէտներ յայտնեն‘ բազմակողմանի դարձնելով քննարկումները: 
Իսկ  իւրաքանչիւր նիստի աւարտին վեհափառին եզրափակիչ խօսքերը, զեկուցումները հարստացնող  բովանդակութեամբ ու ոգեկանութեամբ, յաւելեալ շեշտ տուին արեւմըտահայերէնը պահպանելու համազգային մեծ ճիգի մը նուիրուելու հրամայականին եւ նոր գրգիռ բերին ժողովականներու տագնապին:

Կատարելի որեւէ նկատողութիւն չկա՞յ  ուրեմն.

Այն իմաստով, որ ժողովի աշխատանքները դժուարացնող կամ դանդաղեցնող նկատելի երեւոյթներ կային թէ ոչ, միանշանակ է հաստատումս. չկային:  Բայց կարելի է արձանագրել որ.
ա.—Օրակարգի քննելի հարցերը, իրենց բազմերես բնոյթին պատճառով, խճողուածութեան մը պատկերը ունէին, որու հետեւանքով ալ կը դժուարանար  առաջնահերթութեանց ըմբռնումին ու ճշդումին ընկալումը: Սակայն, Խորհրդաժողովի որդեգրած եզրափակիչ յայտարարութիւնը որոշ չափով յստակացում բերաւ, ինչ կը վերաբերի անմիջականօրէն անյետաձգելի կատարուելիքներուն:
բ.— Փափաքելի պիտի ըլլար, որ  գործադրուէր նաեւ խմբական աշխատանքի միջանկեալ դրութիւն մը, որով  պիտի ապահովուէր գործնական մասնակցութիւնը բոլոր ժողովականներուն եւ իւրաքանչիւր նիստի եզրակացութեանց բանաձեւումները պիտի կազմէին օգտագործելի ատաղձ՝ հետագայ աշխատանքներու համար:
գ.—Օգտակար պիտի ըլլար, գէթ իբրեւ ունկնդիր հրաւիրեալներու, որոշ թիւով ներկայացուցչական ներկայութիւն մը  հայերէնի ուսուցիչներու, միջին տարիքի գործօն մայրերու, որոնց վրայ կ’իյնայ առաւելաբար արեւմտահայերէնի պահպանութեան տագնապալի խնդիրը:

Ձեր եզրակացութիւ՞նը  եւ…ակնկալութիւ՞նը.            

Գիտէք ինչ: Գաղափարները նախ խօսքի կը վերածուին, խօսքի միջոցով կը տարածուին ու կը ժողովրդականանան, ապա կը դառնան գործ: Ընդհանրապէս խօսքը կը նախորդէ գործին: Խորհրդաժողովը գաղափարներու արծարծման, որով եւ «խօսքի» միջավայր եղաւ: Փորձեց «ինչո՞ւ»ին պատասխանները գտնել եւ «ինչպէ՞ս»ին ուղիները  ճշդել: Հիմա յաջորդին   հանգրուանն է. գործի հանգրուանը: Կ’ակնկալուի, «պահանջքի ձեւով կը խնդրուի եւ խնդրանքի ձեւով կը պահանջուի», որ խորհրդաժողովի աւարտը սկիզբն ըլլայ գործին: Այլապէս, ի զուր են բազում խօսք մեր…: