Print
Category: Հարցազրոյցներ

Ես կը վախնայի իմ մեծ մայրէս։ Ան տարօրինակ էր։ Կը սոսկայի իր ձեռքերուն եւ դէմքերուն վրայ ունեցած կապոյտ դաջուակներէն (tattoo), այդ սատանայական նշաններէն, որ կարծես կուգային մութ աշխարհէ մը...


Որպէս երեխայ, ես երբեք համարձակութիւնը չէի ունեցած իրեն հարց տալու այդ  դաջուածքներու մասին։ Միայն հիմա ես կը գիտակցիմ, թէ ինչ էր այդ տարօրինակ նշաններու իմաստը։ Միայն հիմա ես գիտեմ, որ անոնք բռնութեան եւ ստրկութեան նշաններ էին իր վրայ...

«Grandmaþs Tattoos» շարժանկարը կ'անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կիներու մութ ճակատագրին։ Նոյնինքն Սիւզան Խարտալեանի ընտանիքին մէջ ընթացող լուռ ցաւ մը՝ առիթ կուտայ այս նոր շարժապատկերի ծնունդին։

Ինչպէ՞ս ծնաւ շարժանկարի այս ժապաւէնին գաղափարը։ 

Երկար տարիներ մեր ազգը խօսած է Ցեղասպանութեան մասին։ Քննարկած ենք, զրուցած, արդարութիւն պահանջած, բայց երբեք չէի երեւակայեր, որ ցեղասպանութեան ապրող օրինակը իմ աչքիս առջեւ ես պիտի տեսնէի, մանաւանդ այդպիսի՝ «թապու» եղած հարցի մը ընդմէջէն։ Փաստօրէն «թրաւմա»ի (Trauma - կտտացող վէրք) մասին է նիւթը՝ վէրք, որ չէ սպիացած տարիներու ընթացքին։
Հետազօտութիւններ կը կատարէի միջազգային հաստատութեանց մօտ՝ արխիւներ քննելով եւ պրպտումներ կատարելով Ցեղասպանութեան հարցի մասին, երբ իրենց դէմքին եւ մարմնին վրայ դաջուածք (խարան) կրող կիներու նկարներու հանդիպեցայ։ «Բայց ես գիտե՛մ այս դաջուածքները, ես տեսա՛ծ եմ ասոնք, մեր տան մէջ»... իմ աչքիս առջեւ կը պարզուէր ողբերգական պատմութիւնը հազարաւոր հայ աղջնակներու, որոնք որպէս ստրուկներ օգտագործուեցան Ցեղասպանութեան տարիներուն։
Իմ մեծ մայրս՝ Խանում տատիկս այդ անձերէն էր։ Ո՛չ ես սէր ունեցած եմ իր հանդէպ, ոչ ալ ինքը։ Ան կը խուսափէր ֆիզիքական որեւէ կապ ունենալէ։ Չէր գրկեր, չէր դպնար մեզի, ոչ ալ կþուզէր, որ ոեւէ մէկը իրեն դպչի։
Յանկարծ սկսայ անդրադառնալ, որ իմ տեսածներս գիրքի մէջ գրուած պատմութիւն մը չեն։ Մտային աշխատանքի սկսաւ վերածուիլ տագնապս. յանկարծ պատմութիւնս անձի մը մասին էր, որ ի՛մ հարազատն էր: Ուրիշ՝ մեծ տարողութիւն կը ստանայ ցաւը եւ տառապանքը, չես կրնար հեռուէն դիտել։ Իսկ ինչո՞ւ «թապու» էր այս հարցը։ Միշտ ալ փորձած ենք չխօսիլ այս հարցի մասին, արհամարհել այդ անձերը, ամօթը հե- ռացնել ընտանիքէն։
Մամաս գիտէր, բայց չէր պատմեր, բոլորը լուռ կը մնային: Ուղղակիօրէն մերժումի արդիւնք էր այս կեցուածքը։ Վերջ ի վերջոյ մայրս պատմեց։ Խանում տատիկը եօթը տարի մնացած էր ուրիշ մարդու մը հետ։ Ան 12 տարեկան էր այդ ժամանակ։

Ի՞նչ եղաւ այդ աղջնակներու ճակատագիրը։

Գիտէ՞ք, ինծի համար շատ հետաքրքրական էր այն, որ մենք ի՜նչ հպարտութեամբ կը խօսինք Ցեղասպանութեան ընթացքին դիմադրութիւն ցուցաբերած ֆետայիներուն, հայերուն մասին, բայց նոյն պահուն ոչ մէկ խօսք չէ ըսուած այս կիներուն համար: Իրենք հերոսներ են, նախ՝ որովհետեւ դիմագրաւեցին այս կացութիւնը, երբ նոյն պահուն հայութիւնը այս խեղճ երեխաներու ուսերուն վրայ դրաւ նոր կեանք, նոր շառաւիղ ստեղծելու պարտականութիւնը։ Պէտք էր վերապրիլ։ Հայ կիներն ու աղջիկները այդ պարտականութիւնը կատարեցին, երբ լման սերունդ մը տուժեց այս վիճակէն։ 
Հերոսներուն համար երգեր ենք, գրեր ու պատմեր ենք, սակայն այս կիները արհամարհեր ենք. այս կիները արատաւոր էին, հայ տղամարդիք չէին  ուզեր անոնց հետ կապ ունենալ: Շատեր փորձած են նոյնիսկ վերադառնալ թուրքերուն մօտ, երբ հայկական միջավայրը մերժած է զիրենք։ Իսկ դաջուածքներ ունեցող կիներու պարագան, շատ աւելի վատ էր։ Երբեք չէր մոռցուեր անոնց պարտադրուած անցեալը։
Ինծի մեծ ցաւ պատճառած է այս եղելութիւնը։
Տարիներով հալածուած այս կիները որպէս յանցագործ նկատի ունեցած ենք, թերթերուն մէջ նոյնիսկ «այս կիները պէտք է մաքրուին» խորագրով յօդուածներ կը գրուէին։

Դիւրի՞ն եղաւ ժապաւէնի հիւսուածքը ամբողջացնել։

Երբ ճամբայ ելայ ժապաւէնը իրագործելու՝ Ռուանտայի կիներուն մասին կը խորհէի, գիտակցելով թէ ցեղասպանութիւն եւ բռնաբարութիւն իբրեւ զինուորական ռազմավարութիւն կ'օգտագործուին պատերազմներու պարագային: Հակառակորդը չէզոքացնելու ձեւ մըն է, երբ «ճենեթիքլի» (ծինային կերպով) կը յաղթես անոր։ 
Այս պատճառով էր, որ Մ.Ա.Կ.ը որոշեց ներկայացուցիչ ունենալ Ռուանտայի մէջ, կանխարգիլելու համար շարունակուող դէպքերը։
Մենք հայերս շատ բարձր գին վճարած ենք, երբ մեր ամբողջ մատղաշ սերունդը, երիտասարդ աղջիկները դարձած են ուրիշներու կիներ, իրենց ժողովուրդէն խլուելով եւ վերածուելով ուրիշ ժողովուրդի մը սեփականութիւնը:
Ցեղասպանութեան նոյնինքն օրէնքներուն մաս կը կազմէ այն, որ երեխաները կը տանիս մօտդ:
Պատմութիւնը հիւսելը դժուար եղաւ, որովհետեւ նորոգուած ձեւով կþուզէի ներկայացնել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը: Ֆինանսաւորելը եւս շատ դժուար եղաւ:
Իսկ մերժումը դեռ կը շարունակուէր։ Մեծ մօրս քոյրը կÿապրէր ֆիլմի նկարահանման ընթացքին։ Ան 98 տարեկան էր եւ  պէտք է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս այդ կինը տակաւին կը դրժէր հարցը, տարբեր-տարբեր պատճառաբանութիւններ կու տար, թէ՝ «երեխաները կը խաղային եւ tattoo կ'ընէին»... Ամօթը, մերժումը այնքա՜ն մտած էր իրենց հոգեբանութեան մէջ, որ նոյնիսկ տասնամեակներ ետք ընտանիքէն հեռու կը փորձէին պահել ողբերգութիւնը։


«Տատիկին դաջուածքները» մէկ ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնի պատրաստութիւնը երկու տարի տեւեց  եւ կատարուեցաւ Շուէտի, Լիբանանի, Եփրատի ափերուն, Սուրիոյ Տէր-Զօր քաղաքին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։

«Ազատ Օր»

 

 

«Տատիկիս Դաջուածքները» քննադատուեցաւ Թուրքիոյ Մէջ

Սիւզան Խարտալեանի ֆիլմը շրջեցաւ տարբեր գաղութներու մէջ: Մի քանի ժամանակ առաջ ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ «Ճազիրա» կայանէն, «գայթակղեցուցիչ» բնորոշուելով թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ:
Ըստ այդ լրատուամիջոցներուն՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացումէն ետք, այս անգամ «Ճազիրա»ն էր, որ հարուած մը կը հասցնէր Թուրքիոյ:
Այս ֆիլմը պատրաստուած է 2011ին Շուէտի մէջ եւ Յունուար 11էն սկսեալ մինչեւ Յունուար 18՝ սփռուած է նշեալ արաբական կայանի անգլերէն հաղորդումներու բաժինով, «Վկայ» անուն հաղորդաշարի շրջագիծէն ներս։
Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Սիւզան Խարտալեանի ժապաւէնը «միակողմանի» է, «խտրական մօտեցումներ» կը ցոլացնէ ու Հայոց Ցեղասպանութեան քարոզչութիւնը կը կատարէ։
Թրքական լրատուամիջոցները դիտել կուտային որ Թուրքիոյ մէջ աղմուկ պիտի բարձրանայ Ցեղասպանութեան մասին այս նոր ժապաւէնին շուրջ, ուր թուրքերը կը ներկայացուին իբրեւ ցեղասպան, անգութ եւ անխիղճ ժողովուրդ մը։
Ինչպէս ծանօթ է, «Ճազիրա» կայանի կեդրոնը կը գտնուի Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, եւ թրքական լրատուամիջոցները ու հանրային կարծիքը անհանգիստ են վերջերս այդ կայանին կողմէ Թուրքիոյ դէմ բացուած «արշաւէն»։ Կայանը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան «ահաբեկիչները» կը ներկայացնէ իբրեւ «քիւրտ ռազմիկ»ներ, իսկ «Տատիկիս դաջուածքներ»ը, իր կարգին, նոր հարցականներ կը բանայ։
Այս լուրերուն կ'անդրադառնար Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը, դիտել տալով թէ գաղտնիք չէ, որ 2011ի «արաբական զարթօնքէն» ետք, արաբական աշխարհը աչքէ կ՛անցընէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, բայց հարցում մը խնդրոյ առարկայ կը մնայ. արդեօք արաբական աշխարհը «Ճազիրա»ի միջոցա՞ւ կը փորձէ պատգամ մը ուղղել Թուրքիոյ, որ իր տնտեսութեամբ ու արտաքին քաղաքականութեամբ առաջատար դիրք ունի տարածաշրջանին մէջ։
«Ճազիրա»ի այս քայլով, հաւանաբար, ջուր պիտի իյնայ նաեւ «Ճազիրա-Թիւրք» կայանը բանալու ծրագրին:
Նշենք, որ Սիւզան Խարտալեան ամերիկահայ թերթի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին մեծ յաջողութիւն նկատած էր «Ճազիրա»էն իր ժապաւէնին սփռումը։