altԱն­կա­րե­լի է իս­կոյն ժպիտ մը չգո­յա­նա­լը ձեր դէմ­քին՝ լսե­լէ ետք ­Վա­հէ ­Պէր­պէ­րեա­նի ա­նու­նը: Ան­շուշտ բնա­ւո­րու­թեամբ այս բա­րի հո­գին եր­ջան­կու­թիւն կը հա­ղոր­դէ իր դպած բո­լոր ան­ձե­րուն: ­Պար­տա­ւոր չէք հայ կո­չո­ւե­լու, կամ՝ իր բե­մադ­րու­թիւն­նե­րը, կա­տակ­նե­րը,

թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րը ծայ­րէ ծայր դի­տած ըլ­լա­լու: ­Չեմ չա­փա­զան­ցեր, հա­ւա­տա­ցէ՛ք. ան­ցեալ շա­բաթ ­Փոր­թու­կա­լի մէկ գիւ­ղը փա­կո­ւած, երբ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու շուրջ կը խորհր­դա­ծէինք, ­Վա­հէ ­Պէր­պէ­րեան մեր ա­զատ ժա­մե­րը ար­ժե­ւո­րե­լով, մտեր­մա­ցած էր աւստ­րիա­ցի աս­տո­ւա­ծա­բան­նե­րէ կազ­մո­ւած խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ ու նո­ւա­ճած նաեւ զա­նոնք: Ժ­պի­տի կամ եր­գի­ծան­քի աղ­բիւր մը չէ ան միայն, նաեւ ա­մե­նա­բա­ցա­սա­կան պա­հե­րուն իսկ կեան­քը դրա­կան աչ­քե­րով կա­րե­նալ դի­տե­լու մի­ջոց մը. մէ­կը, որ շատ ան­գամ կը պակ­սի մե­զի, բայց երբ ու­նե­նաս՝ գի­տես, որ տխրիս իսկ, լաս իսկ՝ իր­մով դար­ձեալ պի­տի խայ­տաս:
«Եւ այլն»ով սկսած եր­գի­ծա­կան մե­նա­կա­տա­րում­նե­րու շար­քը ան շա­րու­նա­կեց «­Նաեւ»ով, «­Տա­կա­ւին»ով ու «Ե­թէ»ով, ո­րուն շրջա­գա­յու­թիւ­նը դեռ կը շա­րու­նա­կո­ւի Ս­փիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րու մէջ: Այժ­մէն իսկ տանք ա­ւե­տի­սը: ­Յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն, ­Վա­հէ ­Պէր­պէ­րեան պի­տի այ­ցե­լէ նաեւ ­Պո­լիս՝ բե­մադ­րե­լու հա­մար «Ե­թէ»ն: Ան պի­տի ըլ­լայ Ս. ­Խաչ Դպ­րե­վան­քի սա­նուց միու­թեան հիւ­րը:
­Գե­ղան­կար­չու­թեան, վի­պագ­րու­թեան, թատ­րեր­գու­թեան ո­լորտ­նե­րէն ներս բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­նա­լէ ետք, ­Պէր­պէ­րեան մուտք կը գոր­ծէ նաեւ շար­ժա­րո­ւես­տի բնա­գա­ւառ: Օ­գոս­տոս 4ին Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի կա­յա­նայ «Ե­րեք շա­բաթ Ե­րե­ւա­նի մէջ» ժա­պա­ւէ­նին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը:
­Փոր­թու­կա­լի հան­դի­պու­մը վե­րա­ծե­լով ա­ռի­թի՝ ­Վա­հէին հետ զրու­ցե­ցինք այս եւ այլ ծրա­գիր­նե­րու շուրջ:


ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ես եւ Ե­րե­ւա­նէն Հ­րանտ ­Թո­խա­տեա­նը, որ տա­րի­նե­րու ըն­կերս է, եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր միաս­նա­բար թատ­րոն մը ը­նե­լու մա­սին կը խօ­սէինք: Այս ծրա­գի­րին յե­տոյ ձե­ւով մը միա­ցաւ ­Լոս Ան­ճե­լը­սէն ­Վա­հիկ ­Փիր­համ­զէին:
Մ­տա­ծե­ցինք, որ լա­ւա­գոյ­նը պի­տի ըլ­լայ շար­ժան­կա­րի ժա­պա­ւէն մը ը­նել, որ­պէս­զի ա­միս­նե­րով յանձ­նա­ռու­թեան տակ չդրո­ւինք, մա­նա­ւանդ որ ա­մէն մէկս այլ եր­կիր կը բնա­կի: Այն­պէս որ ժա­պա­ւէ­նը ա­մէ­նէն յար­մար ծրա­գի­րը թո­ւե­ցաւ: ­Բա­ւա­կան մտա­ծե­լէ ետք, թէ ի՞նչ կա­րե­լի է ը­նել, նիւ­թը ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է մշա­կել… ­Տա­րի­ներ ա­ռաջ ըն­կե­րոջս՝ ­Նար­պէյ ­Նա­զա­րեա­նին հետ գրած էինք բե­մագ­րու­թիւն մը: Իր գա­ղա­փարն էր եւ միա­սին աշ­խա­տած էինք: Ու­րեմն այդ բե­մագ­րու­թիւ­նը հա­նե­ցի եւ ո­րո­շե­ցինք, որ ա­տի­կա հի­մա բեմ հա­նե­լու լա­ւա­գոյն ա­ռիթն է:
Նս­տայ, ծայ­րէ ծայր նոր գրե­ցի: Անգ­լե­րէ­նով էր եւ անգ­լե­րէ­նով ալ վերս­տին գրե­ցի: Ա­ւար­տին ար­դէն ընդգ­րու­թիւ­նը անգ­լե­րէ­նի պի­տի թարգ­մա­նո­ւէր: Այն, ինչ որ կա­րե­լի չէ անգ­լե­րէ­նի թարգ­մա­նել՝ դուրս մնաց սկիզ­բէն, որ­պէս­զի հա­մաշ­խար­հա­յին չա­փա­նի­շը պա­հենք, միայն հա­յե­րուն հասկ­նա­լիք ներ­քին կա­տակ­ներ չըլ­լան: ­Հե­տաքրք­րա­կան է նաեւ հե­տե­ւեա­լը՝ Հ­րան­տը ­Հա­յաս­տա­նէն է, ես լի­բա­նա­նա­հայ, իսկ ­Վա­հի­կը պարս­կա­հայ: Այս­տեղ կան ե­րեք տար­բեր բար­բառ­ներ, եւ ը­սենք՝ կը ներ­կա­յաց­նենք ե­րեք են­թա­պաս­տառ­ներ, ու­րեմն լե­զո­ւի հետ կա­պո­ւած կա­տակ­նե­րը բո­լո­րո­վին պի­տի չըլ­լան, ո­րով­հե­տեւ ա­ժան բա­ներ են:
­Մենք բո­լորս ալ ի­րա­րու կը հասկ­նանք եւ բա­ռե­րուն վրայ զի­րար չհասկ­նա­լու կա­տակ­նե­րը ա՛լ ի­մաստ չու­նին: Այդ­պէս ալ ե­ղաւ:
­Ժա­պա­ւէ­նին մէջ նիւթ չկայ, թէ ո՛վ ուր­կէ՛ է, սա­կայն ա­մէն մարդ իր բար­բա­ռը կը խօ­սի: ­Կա­րե­ւոր դեր խա­ղաց ­Ժը­նե­ւէն ըն­կերս՝ ­Վի­գէն ­Պայ­րա­մեան, ո­րով­հե­տեւ ինք յանձն ա­ռաւ ար­տադ­րու­թեան բա­ժի­նը, եւ պէտք է ը­սել նաեւ ­Լոս Ան­ճե­լը­սէն ­Շա­հէ ­Պո­յա­ճեան, որ դրաւ հուն­տը:
­Ժա­պա­ւէ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ նկա­րա­հա­նո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: ­Բախ­տա­ւոր էինք, ո­րով­հե­տեւ դե­րա­սա­նա­կան ցան­կին վրայ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնց ու­զե­ցինք, ա­յո՛ ը­սին: ­Մաս­նակ­ցե­ցան սի­րա­յօ­ժար կեր­պով:
­Ժա­պա­ւէ­նին մէջ դեր կը ստանձ­նեն ­Նա­րեկ ­Դու­րեան, Ա­շոտ ­Ղա­զա­րեան, ­Խո­րէն ­Լե­ւո­նեան, ­Լե­ւոն ­Յա­րու­թիւ­նեան, նոյ­նիսկ պզտիկ դե­րե­րով՝ ­Թա­թան, Ին­գա-Ա­նուշ, ­Նու­նէ Ե­սա­յեան, Ա­րա­մօ, Ք­րիս­տի­նէ ­Պե­պե­լեան… Ամ­բողջ աշ­խա­տան­քը բա­ցա­ռիկ հա­ճե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր, հա­կա­ռակ օ­րա­կան 16 ժամ լա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին:
­Յետ-ար­տադ­րա­կան աշ­խա­տան­քը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Լի­բա­նա­նի ու ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ:

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ.- Վս­տա­հա­բար կը ծրագ­րէք ցու­ցադ­րել այլ եր­կիր­նե­րու մէջ եւս, մաս­նակ­ցիլ փա­ռա­տօն­նե­րու…

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- ­Փա­ռա­տօն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ՝ կար­ծեմ ժա­մա­նա­կը ան­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ մեծ փա­ռա­տօն­նե­րը, ինչ­պէս «Օս­քար»ը, ­Քան­նը, միշտ կ­՛ու­զեն, որ ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը ըլ­լայ ի­րենց քով: ­Հի­մա որ ան­ցած է, ի­մաստ չու­նի տա­րի մը սպա­սել փա­ռա­տօն­նե­րու հա­մար: ­Բայց ան­շուշտ կան ու­րիշ փա­ռա­տօն­ներ ալ, որ կ­՛ըն­դու­նին: ­Բայց ցրո­ւու­մի ի­մաս­տով, յոյս ու­նինք, որ պի­տի կա­րե­նանք, ու­նի՛նք հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը զայն տա­րա­ծե­լու: Կ­՛ու­զենք մի­ջազ­գա­յին ցրւու­մի լաւ ըն­կե­րու­թիւն մը գտնել: Կ­՛ու­զենք, որ ժա­պա­ւէ­նը եր­թայ ա­մէն տեղ:

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ.- ­Վա­հէ, սփիւռ­քի հա­սա­րա­կու­թեան ա­ւե­լի ծա­նօթ ես քու եր­գի­ծա­կան մե­նա­կա­տա­րում­նե­րով: ­Կա՞ն այս ի­մաս­տով նոր ծրա­գիր­ներ:

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- ­Հի­մա­կու­հի­մա տա­կա­ւին «Ե­թէ»ի շրջապ­տոյ­տին մէջ եմ: ­Բայց ար­դէն իսկ կ­՛աշ­խա­տիմ նո­րին վրայ: Եւ այն գա­ղութ­նե­րը, ուր «Ե­թէ»ն ­ներ­կա­յա­ցու­ցած չեմ, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ­Պո­լիս, Ֆ­րան­սա­յէն եւ ­Լոն­տո­նէն բա­ցի Եւ­րո­պա ալ չեմ կա­յա­ցու­ցած, նոր պի­տի սկսիմ: Երբ այս շրջա­գա­յու­թիւ­նը ա­ւար­տեմ՝ պատ­րաստ կ­՛ըլ­լայ յա­ջորդս:

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ.- ­Պո­լիս ալ պի­տի այ­ցե­լես, ինչ­պէս քիչ ա­ռաջ անդ­րա­դար­ձար: Ան­գամ մը ար­դէն ե­կած էիր: Ինչ­պէ՞ս կ­՛ըն­թա­նան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը: Ի՞նչ զգաց­մունք­ներ կը յա­ռա­ջաց­նէ քու մէջ վերս­տին ­Պո­լիս գա­լու հե­ռան­կա­րը:

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ես ­Պոլ­սոյ գա­ղու­թը այն­քան կը սի­րեմ ու այն­քան հա­րա­զատ կը զգամ, որ ան­համ­բեր եմ: ­Շատ կա­րե­ւոր բա­նի մը անդ­րա­դար­ձայ: ­Վեր­ջին շրջա­նին, մա­նա­ւանդ վեր­ջին հինգ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, ­Պո­լի­սը մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թիւն դար­ձաւ սփիւռ­քի տա­րած­քին: Աս­կէ մին­չեւ հինգ տա­րի ա­ռաջ տա­կա­ւին ­Պո­լի­սը ձե­ւով մը կտրո­ւած, մէկ կողմ դրո­ւած էր, մե­կու­սա­ցած էր: Ա­տի­կա կու գայ եր­կու բա­նէ. թէ՛ սփիւռ­քէն, որ կար­ծես թէ այս ան­գամ զո­հը, ո­ճի­րին վայ­րը վե­րա­դառ­նալ չ­՛ու­զեր, իսկ միւս կող­մէ՝ պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը, որ ի­րենք ալ հե­ռա­ւո­րու­թիւն մը ստեղ­ծած էին հա­ւա­նա­բար այն վա­խով, որ սփիւռ­քը պի­տի չըն­դու­նի զի­րենք: Այն­պէս որ, եր­կու կող­մէ բան մը կար: ­Հի­մա վեր­ջին այս հինգ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին հե­տաքրք­րա­կան է, որ ոչ միայն սփիւռ­քը ձեռն­բաց ըն­դու­նած է ­Պո­լի­սը, այլ ­Պո­լի­սը ինք­զինք կ­՛ար­ժե­ւո­րէ, եւ յան­դուգն ներ­կա­յու­թիւն մը դար­ձած է: Եւ ա­տոր հա­մար մեծ յար­գանք ու­նիմ ա­նոր՝ պոլ­սա­հա­յու­թեան հան­դէպ։

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ - «ԱԿՕՍ»