Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան armtimesի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է‚ որ
ռուս-թրքական վերջին լարուածութենէն պէտք չէ շատ ոգեւորուիլ‚ այլ անհրաժեշտ է զգուշաւոր ըլլալ։ Ան խիստ ուշագրաւ վերլուծումներ կատարած է։
- Պարոն Մելքոնեան‚ ռուս-թրքական լարուածութեան լոյսին տակ արդէն քանի մը օրէ ի վեր‚ որոշ շրջանակներու մէջ‚ Կարսի համաձայնագիրի մասին յիշած են եւ կը խօսին‚ թէ Ռուսիոյ նախագահը չի պատրաստուիր վերականգնելու զայն։ Նախ‚ այդ համաձայնագիրը իսկապէս վերականգնման ենթակա՞յ է‚ թէ՞ ոչ եւ ընհանրապէս‚ այս լարուածութեան լոյսին տակ ատոր նշանակութիւնը ի՞նչ է։
- Փոքրիկ ճշդում մը. խօսքը Կարսի համաձայնագիրի մասին չէ այնքան, որքան Մոսկուայի համաձայնագիրի, որ կնքուած է 16 Մարտ 1921ին‚ Պոլշեւիկեան Ռուսիոյ եւ Քեմալական Թուրքիոյ միջեւ՝ առանց Հայաստանի մասնակցութեան՝ Հայաստանի շահերը ոտնահարելով։ Այդ համաձայնագիրի կէտերէն մէկը կը նախատեսէր Ռուսիոյ կողմէ համանման համաձայնագիր պարտադրել նաեւ Անդրկովկասեան 3 հանրապետութիւններուն‚ ինչ որ տեղի ունեցաւ արդէն Կարսի մէջ, Հոկտեմբեր 1921ի կէսերուն։ Խօսքը Մոսկուայի համաձայնագիրի մասին է‚ որովհետեւ Ռուսիան չի կրնար չեղեալ յայտարարել Կարսի համաձայնագիրը‚ որովհետեւ ինք չէ կնքած այդ համաձայնագիրը։ Ինք կնքած է այդ համաձայնագիրի մայր տարբերակը‚ որ հետագային ծնաւ Կարսի համաձայնագիրը։ Մոսկուայի համաձայնագիրին մէջ եւ հետագային նաեւ Կարսի համաձայնագիրին մէջ զայն թարմացնելու կէտ չկայ։ Սակայն ցաւալիօրէն‚ ատկէ 90 տարի ետք՝ 16 Մարտ 2011ին‚ երբ Էրտողան գտնուեցաւ Մոսկուա‚ Մետվետեւի հետ անոնք կարծես թէ խորհրդաւոր կերպով վերաթարմացուցին այդ համաձայնագիրը՝ իբրեւ նուէր փոխանակելով համաձայնագիրի թեքսթը եւ Կարսի համաձայնագիրէն լուսանկար‚ որ‚ ի հարկէ‚ շատ անընդունելի է։ Ցաւալիօրէն մենք այդ ժամանակ չարձագանգեցինք‚ երբ ուղղակի աղ լեցուցին մեր վէրքին վրայ. գիտենք‚ որ Մոսկուայի համաձայնագրին իբրեւ հետեւանք մենք կորսնցուցինք Կարսի մարզը եւ Սուրմալուի գաւառը՝ Արարատ լեռով միասին։
- Իսկ Կարսի համաձայնագիրը վերանայման ենթակայ չէ՞։
- Հ.Հ.ն չէ կնքած Կարսի համաձայնագիրը։ Ատիկա կեանքի կոչած է Խորհրդային Հայաստանը‚ իսկ մենք‚ իբրեւ անկախ երրորդ հանրապետութիւն‚ ուղղակիօրէն ատոր պարտաւորութիւնը չենք վերցներ‚ եւ պատահական չէ‚ որ նաեւ պետական մակարդակով յաճախակի կը խօսուի Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի մասին։ Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն‚ այսօր գործող համաձայնագիրը‚ որ թէեւ չէ վաւերացուած‚ կը հանդիսանայ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը‚ ըստ որու‚ Տրապիզոնի‚ Էրզրումի‚ Պիթլիսի եւ Վանի նահանգներու մեծագոյն մասը կը համարուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք։
- Որքանո՞վ հաւանական է‚ որ ատիկա իսկապէս ուժ ստանայ։
- Ատիկա կախեալ է անկէ‚ թէ ամբողջ աշխարհը որքանո՞վ պիտի հակուի Թուրքիոյ դէմ գործողութիւններ իրականացնելու։ Ես համոզուած եմ‚ որ եթէ ՏԱՀԵՇ (Իսլամական Պետութիւն - ISIS) շարունակէ իր գոյութիւնը պահպանել եւս քանի մը տարի‚ ատիկա պիտի նշանակէ‚ որ խօսքը Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇին ամէն տեսակ օգնութեան մասին է։ Առանց Թուրքիոյ վերացման չի կրնար վերնալ անոր ծնունդ հանդիսացող ՏԱՀԵՇը։ Եթէ աշխարհը հակեցաւ ատոր‚ ինչպէս 1916ին անգլիացի եւ ֆրանսացի դիւանագէտներ Սայքս-Փիքոյի համաձայնագրով‚ որուն միացաւ նաեւ անոնց դաշնակից Ռուսիան եւ որոշուեցաւ հիմնականին մէջ այդ 3 մեծ պետութիւններու միջեւ բաժնել Օսմանեան Կայսրութիւնը‚ բայց յետոյ տեղի ունեցաւ պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը‚ Ռուսիան դուրս եկաւ պատերազմէն եւ‚ ցաւօք‚ այդ ծրագիրը մնաց թուղթի վրայ… Բայց ես համոզուած եմ, որ անիկա որեւէ պահու կրնայ ի զօրու դառնալ, որովհետեւ նոյնիսկ ՆԱԹՕի անդամ բազմաթիւ երկիրներ, անոնց նախկին բազմաթիւ ղեկավար զինուորականներ կը յայտարարեն, որ Թուրքիոյ ՆԱԹՕի կազմին մէջ ըլլալը կը վարկաբեկէ այդ ռազմական կառոյցը‚ եւ ժամանակն է Թուրքիան վտարելու այդ կազմակերպութենէն։ Եթէ ատիկա տեղի ունենայ‚ պիտի ըլլայ նաեւ այն‚ ինչի մասին մենք կը խօսինք։
- Բայց կարծես թէ քիչ է հաւանականութիւնը‚ որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ։
- Չեմ կրնար ըսել. չի բացառուիր‚ հաւանականութիւնը մեծ է‚ որովհետեւ Թուրքիան կայսրութիւն է‚ իսկ կայսրութիւնները‚ իբրեւ պատմաբան կ’ըսեմ‚ դատապարտուած են փլուզման։ Թուրքիան այդ առումով բացառութիւն չի կրնար ըլլալ։ Քրտական Հարցը եւ անոր հարեւան բոլոր երկիրներու հետ ունեցած թշնամական վերաբերմունքը ատոր վկայութիւնն են։ Ես համոզուած եմ։