Print
Category: Հարցազրոյցներ

­altՎեր­ջերս հայ­կա­կան մա­մու­լը ար­ձա­գան­գեց ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւին կող­մէ հրա­պա­րա­կո­ւած լուր մը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ ­Պա­յա­զի­տի հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ առն­չո­ւած կա­լո­ւա­ծագ­րեր յայտ­նա­բե­րո­ւած են եւ թէ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը հրա­տա­րա­կու­թեան կը պատ­րաս­տէ Ա­րեւմ­

տեան ­Հա­յաս­տա­նի քա­նի մը ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­լո­ւա­ծագ­րե­րը: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ծի­րէն ներս հա­յոց կա­լո­ւած­նե­րու հար­ցին ա­ռանց­քա­յին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջող ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տա­րած ի­րա­ւա­կան աշ­խա­տան­քը այս ուղ­ղու­թեամբ, ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պաշ­տօ­նա­թեր­թը՝ «­Հասկ» դի­մած է ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին, անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ ստա­նա­լու հա­մար: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին հետ «­Հասկ»ի հար­ցազ­րոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցած է ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րանի ար­խի­ւա­տան մէջ:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, վեր­ջերս մա­մու­լին մէջ հրա­պա­րա­կո­ւե­ցան լու­րեր, թէ՝ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը հրա­տա­րա­կու­թեան կը պատ­րաս­տէ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի քա­նի մը ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­լո­ւա­ծագ­րե­րը։ Ի՞նչ է ­Ձեր տե­սա­կէ­տը այս ուղ­ղու­թեամբ:

Բ­նա­կա­նա­բար ու­րա­խու­թեամբ կող­ջու­նենք Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Կի­լի­կիոյ ազ­գա­պատ­կան ու ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րուն առն­չո­ւած ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղ­թի յայտ­նա­բե­րու­մը կամ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը: Ն­ման յայտ­նա­բե­րում­ներ ու հրա­պա­րա­կում­ներ մե­ծա­պէս կը նպաս­տեն ընդ­հան­րա­պէս մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու յատ­կա­պէս ի­րա­ւա­կան ծի­րէն ներս մեր կա­տա­րե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն:

­Սա­կայն, ինչ­պէս յա­ճախ շեշ­տած ենք, այս հար­ցե­րու գծով մեր մօ­տե­ցում­նե­րը պէտք է ըլ­լան հա­մա­պար­փակ, ու­սում­նա­սի­րո­ւած ու հե­տե­ւո­ղա­կան, հե­ռու՝ պա­տա­հա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէ, հապ­ճեպ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րէ ու զգա­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէ:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով ­Ձեր պատ­գամ­նե­րուն մէջ յա­ճախ ընդգ­ծած էք ազ­գա­պատ­կան ու ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դար­ձը՝ որ­պէս ա­ռա­ջին հանգրուան մեր բռնա­բա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման: Այս ուղ­ղու­թեամբ ի՞նչ ու­նիք ը­սե­լիք:

altԱ՛յս է մեր տե­սա­կէ­տը եւ կը խոր­հինք, թէ ա՛յս է նաեւ տե­սա­կէ­տը մեր ­Դա­տին քա­ղա­քա­կան-ի­րա­ւա­կան հար­ցե­րուն մօ­տէն ծա­նօթ հայ թէ օ­տար փոր­ձա­գէտ­նե­րու ու մաս­նա­գէտ­նե­րու: ­Մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը պի­տի մնայ ռո­ման­թիք ու հռե­տո­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ, ե­թէ ան չու­նե­նայ ի­րա­ւա­կան քոնք­րէթ հիմք: Չ­մոռ­նանք, որ մեր ­Դա­տը ըստ էու­թեան քա­ղա­քա­կան դատ է. սա­կայն պէտք չէ ան­տե­սել ա­նոր ի­րա­ւա­կան ե­րե­սը: ­Մեր ­Դա­տը մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի սահ­ման­նե­րէն ներս զե­տե­ղե­լու եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի տո­ւեալ­նե­րու լոյ­սին տակ հե­տապն­դե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է ի­րա­ւա­կան հիմ­քե­րէ մեկ­նիլ: ­Հե­տե­ւա­բար, մեր հա­մո­զու­մով, որ­պէս ­Հայ ­Դա­տի ի­րա­ւա­կան հե­տապն­դու­մի ա­ռա­ջին եւ քոնք­րէթ քայլ, հարկ է սկսիլ մեր կա­լո­ւած­նե­րէն՝ այս ծի­րէն ներս ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն տա­լով ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ազ­գա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րուն:

­Թէ՛ ­Լո­զա­նի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, թէ՛ Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նի որ­դեգ­րած ի­րա­ւա­կան սկզբունք­ներն ու գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­գի­ծը եւ թէ ընդ­հան­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը այս ուղ­ղու­թեամբ ո­րոշ կա­րե­լիու­թիւն­ներ կըն­ձե­ռեն:

­Նոյն այս ի­րո­ղու­թե­նէն մեկ­նե­լով՝ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ մեր Ս. Ա­թո­ռը դատ բա­ցաւ՝ պա­հան­ջե­լով ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը, որ­պէս ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւան ազ­գա­պատ­կան ու ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դար­ձին:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ար­դեօք ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ու­նի՞ ­Կի­լի­կիոյ իր ազ­գա­պատ­կան ու ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ամ­բող­ջա­կան ցան­կը:

Այս մա­սին անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տենք հե­տե­ւեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ու լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցել պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րու լոյ­սին տակ.- 1912-13ին, Օս­մա­նեան պե­տու­թեան ար­դա­րա­դա­տու­թեան եւ կրօ­նից նա­խա­րա­րու­թեան թե­լադ­րու­թեան ըն­դա­ռա­ջե­լով, ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քա­րա­նը պատ­րաս­տած է Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս գտնո­ւող հա­յոց ազ­գա­պատ­կան ու ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցան­կը: Այս մա­սին Ա. Խ. ­Սաֆ­րաս­տեան յա­ջոր­դա­կան յօ­դո­ւած­ներ ստո­րագ­րած է «Էջ­միա­ծին» ամ­սագ­րին 1965 եւ 1966 տա­րի­նե­րու յա­ջոր­դա­կան թի­ւե­րուն մէջ, հե­տե­ւեալ խո­րագ­րով՝ «­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սի ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի ­Կող­մից ­Թուր­քիա­յի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան եւ ­Դա­ւա­նանք­նե­րի ­Մի­նիստ­րու­թեան ­Ներ­կա­յա­ցո­ւած ­Հայ­կա­կան Ե­կե­ղե­ցի­նե­րի եւ ­Վան­քե­րի ­Ցու­ցակ­ներն ու ­Թաք­րիր­նե­րը (1912-1913 թ.թ.)»:­ Սաֆ­րաս­տեան իր յօ­դո­ւա­ծա­շար­քին սկիզ­բը կու տայ հե­տե­ւեալ կա­րե­ւոր բա­ցատ­րու­թիւ­նը. ա­հա­ւա­սիկ ­Մեր սե­ղա­նին վրայ է բնա­գի­րը եւ կու­զենք որ նոյ­նու­թեամբ մէջ­բե­րէք.- «­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սի հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մից, ­Հիջ­րե­թի 330-331 թո­ւա­կա­նին (1912-1913) կազմուած եւ թուր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան են ներ­կա­յա­ցո­ւած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ գտնուած վան­քե­րի եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րի ցու­ցակ­նե­րը եւ նրանց հետ հա­մա­պա­տաս­խան թաք­րիր­նե­րը (ծա­նու­ցագ­րեր)՝ ուղ­ղո­ւած ար­դա­րա­դա­տու­թեան եւ դա­ւա­նանք­նե­րի մի­նիստ­րու­թեան: Այդ ցու­ցակ­ներն ու թաք­րիր­նե­րը պահ­ւում են Ե­րե­ւա­նի հան­րա­յին գրա­դա­րա­նի թուր­քե­րէն գրքե­րի շար­քում 1-47 հա­մար­նե­րի տակ: Գ­րա­դա­րա­նում պա­հո­ւած թաք­րիր­ներն ու ցու­ցակ­նե­րը ­Պատ­րիար­քա­րա­նի սե­ւա­գիր օ­րի­նակ­ներն են, ինչ­պէս նշո­ւած է ցու­ցա­կում, իսկ մաք­րագ­րո­ւած օ­րի­նակ­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած են կա­ռա­վա­րու­թեան: ­Ցու­ցակ­ներն ու թաք­րիր­նե­րը բլան­կի վրայ գրո­ւած են եւ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի գրա­սե­նեա­կի կող­մից հա­ւաքուած ­Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան մեծ թղթած­րա­րում (դժբախ­տա­բար կի­սով չափ պատ­ռո­ւած): ­Ցու­ցակ­նե­րի եւ թաք­րիր­նե­րի վրայ կան փո­փո­խու­թիւն­ներ, ո­րոշ տե­ղե­րում նաեւ հա­յե­րէն լե­զո­ւով ծա­նօ­թու­թիւն­ներ: ­Պատ­րիար­քա­րա­նի թղթած­րա­րի վրայ թուր­քե­րէն լե­զո­ւով գրո­ւած է. «­Հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րի ցու­ցա­կը: ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սի եւ այլ վի­լա­յէթ­նե­րի ե­կե­ղե­ցի­նե­րի ցու­ցա­կը: Ար­դա­րա­դա­տու­թեան մի­նիստ­րու­թիւն... (պատ­ռո­ւած է)» («Էջ­միա­ծին», ԻԲ. ­Տա­րի, ­Յու­նո­ւար 1965, էջ 40):

Ա­պա՝ ­Սաֆ­րաս­տեան կա­ւելց­նէ, թէ «­Թաք­րիր­նե­րի բո­վան­դա­կու­թիւ­նից ե­րե­ւում է, որ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սի հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նը ե­կե­ղե­ցի­նե­րի եւ վան­քե­րի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ստա­ցել է վի­լա­յէթ­նե­րի եւ քա­ղաք­նե­րի հա­յոց ա­ռաջ­նոր­դա­րան­նե­րից. հե­տե­ւա­բար՝ կա­րե­լի է ըն­դու­նիլ, որ վան­քե­րի եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րի ցու­ցակ­նե­րը վա­ւե­րա­կան են եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րի մա­սին տրուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս նրանց կա­ռուց­ման թո­ւա­կան­նե­րը ու­նեն պատ­մա­կան ճշդու­թիւն…: ­Թաք­րիր­նե­րի բո­վան­դա­կու­թիւ­նից պարզ­ւում է, որ ­Թուր­քիա­յի սահ­ման­նե­րուն գտնո­ւող բո­լոր հայ­կա­կան (հա­ւա­նա­բար նաեւ յու­նա­կան եւ այլ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րի) ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ վան­քե­րը պէտք է հաս­տա­տո­ւած լի­նեն, թաք­րիր­նե­րի ար­տա­յայ­տու­թեամբ՝ «կա­պո­ւած լի­նեն» («մեր­բութ») յա­տուկ սուլ­թա­նա­կան ֆեր­մա­նի: Այդ պատ­ճա­ռով էլ ցու­ցա­կում ցոյց տրո­ւած բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ վան­քե­րը բա­ժան­ւում են եր­կու կար­գի՝ «ֆեր­մա­նով հաս­տա­տո­ւած» եւ «ա­ռանց ֆեր­մա­նի» թոյ­լատ­րո­ւած ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ վան­քեր: ­Մին­չեւ 1912-1913 թո­ւա­կան­նե­րը հա­յոց ե­կե­ղե­ցի­նե­րի կա­րե­ւոր մա­սը (մեր հա­շո­ւով շուրջ 70-75 տո­կո­սը) հաս­տա­տո­ւած չեն ե­ղել ֆեր­մա­նով: ­Հա­ւա­նա­բար, թուր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շա­կի պա­հան­ջով, ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նը ներ­կա­յաց­նում է բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րի եւ վան­քե­րի լրիւ ցու­ցա­կը, միա­ժա­մա­նակ ցոյց տա­լով նրանց վայ­րե­րը, ա­նուն­նե­րը, կա­ռուց­ման թո­ւա­կան­նե­րը եւ ֆեր­մա­նով հաս­տա­տո­ւած լի­նե­լը կամ չլի­նե­լը, ֆեր­մա­նով հաս­տա­տո­ւած լի­նե­լու դէպ­քում՝ նաեւ ֆեր­մա­նի տա­րե­թիւն ու ամ­սա­թի­ւը: ­Մի շարք ե­կե­ղե­ցի­նե­րի ու վան­քե­րի մա­սին աս­ւում է միայն «կա­ռու­ցո­ւած է հնուց»»:

­Նե­րա­ծա­կան լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րէ յե­տոյ, ­Սաֆ­րաս­տեան կը ներ­կա­յաց­նէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ վան­քե­րու ցան­կը՝ յա­րա­կից տո­ւեալ­նե­րով: ­Յի­շեալ ցան­կին բնա­գի­րը վստա­հա­բար կը գտնո­ւի ­Թուր­քիոյ ար­խիւ­նե­րուն մէջ: Ան­ցեալ տա­րի մեր ար­խի­ւա­տան պա­տաս­խա­նա­տո­ւին ը­սո­ւե­ցաւ, թէ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի Ազգ. Ար­խի­ւա­տան մէջ նման ցանկ գո­յու­թիւն չու­նի...: ­Ճի՞շդ է ար­դեօք:

­Շա­րու­նա­կե­լով մեր խօս­քը՝ կու­զենք յայտ­նել, որ 14 Ապ­րիլ 1921ին ­Զա­քա­րիա Պզ­տի­կեան, այդ օ­րե­րուն հան­րա­ծա­նօթ փաս­տա­բան, եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Սա­հակ ­Կա­թո­ղի­կո­սի թե­լադ­րու­թեամբ յու­շա­գիր մը յանձ­նած է ­Սու­րիոյ ու ­Լի­բա­նա­նի մօտ Ֆ­րան­սա­յի Haut Commissariatի, ուր ման­րա­մաս­նու­թեամբ ներ­կա­յա­ցո­ւած են ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ազ­գա­պատ­կան ու ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցան­կը եւ իւ­րա­քան­չիւր կա­լո­ւա­ծի բնոյթն ու տա­րա­ծու­թիւ­նը: ­Նոյն յու­շագ­րին մէջ նաեւ ներ­կա­յա­ցո­ւած են կա­լո­ւած­նե­րու, ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ե­կե­ղեց­ւոյ կրած նիւ­թա­կան վնաս­նե­րու, կորսն­ցու­ցած նաեւ շար­ժուն կա­լո­ւած­նե­րու նիւ­թա­կան ման­րա­մասն ար­ժե­ւո­րու­մը:

Ի­րա­ւա­կան-քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով լուրջ փաս­տա­թուղթ մըն է սա, ո­րուն մայր օ­րի­նա­կը կը գտնո­ւի ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ար­խի­ւա­տան մէջ: Այս մա­սին անդ­րա­դար­ձած է ­Բիւ­զանդ Ե­ղիա­յեան՝ «Ա­տա­նա­յի ­Հա­յոց ­Պատ­մու­թիւն» (Ան­թի­լիաս 1970, էջ 871-891) հա­տո­րին մէջ, ինչ­պէս նաեւ ­Գէորգ ­Պաղ­ճեան՝ իր «La Confiscation, par le Gouvernement turc, des biens armeniens… dits abandonnes” գիր­քին մէջ, ո­րուն անգ­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կող­մէ, 2010ին (տես էջ 433-474):

­Վե­հա­փառ ­Տէր, մե­ծա­պէս շնոր­հա­կալ ենք ­Ձեր տո­ւած այս կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար: ­Ձեր կա­տա­րած մատ­նան­շում­նե­րը ցոյց կու տան, որ ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ար­խի­ւա­տան մէջ կը գտնո­ւին նաեւ կա­լո­ւած­նե­րու առն­չո­ւած ու­րիշ փաս­տա­թուղ­թեր:

­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ար­խի­ւա­տան մէջ ոչ միայն քիչ ա­ռաջ մեր յի­շա­տա­կած կա­լո­ւած­նե­րուն ցան­կը ու­նինք, այլ նաեւ մեր կա­լո­ւած­նե­րուն առն­չո­ւած այլ փաս­տա­թուղ­թեր. օ­րի­նակ՝ կա­լո­ւա­ծագ­րեր, ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ կնքո­ւած հա­մա­ձայ­նագ­րեր, կա­լո­ւած­նե­րու ե­կա­մուտ­նե­րը ճշդող ցան­կեր, կա­լո­ւած­նե­րու կա­ցու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ՝ ­Սա­հակ ­Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան­նե­րու մի­ջեւ ե­ղած թղթակ­ցու­թիւն­նե­րուն, նաեւ՝ ­Սա­հակ ­Կա­թո­ղի­կո­սի յու­շե­րուն մէջ: ­Յի­շեալ փաս­տա­թուղ­թե­րը դա­սա­ւո­րո­ւե­ցան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, մեր ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեամբ:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ինչ­պէս քիչ ա­ռաջ մատ­նան­շե­ցիք, կա­լո­ւա­ծագ­րե­րը կամ ա­նոնց առն­չո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րը կեն­սա­կան են կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դարձ­ման գծով առ­նո­ւե­լիք ի­րա­ւա­կան քայ­լե­րուն հա­մար: Կր­նա՞ք ­Ձեր տե­սա­կէ­տը պար­զել այս ուղ­ղու­թեամբ:

­Կա­լո­ւա­ծագ­րե­րու ու յա­րա­կից փաս­տա­թուղ­թե­րու մէկ­տե­ղու­մը եւ ցան­կագ­րու­մը կը նկա­տենք հրա­մա­յա­կան: ­Ճիշդ է, պատ­մու­թիւ­նը յստա­կօ­րէն կը վկա­յէ մեր ազ­գա­պատ­կան ու ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան մա­սին: ­Սա­կայն, ի­րա­ւա­կան ու ի­րա­ւա­բա­նա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է կա­լո­ւա­ծագ­րե­րու գո­յու­թիւ­նը, որ­քան ալ պատ­մու­թեան վկա­յու­թիւն­նե­րը ըլ­լան հա­րուստ: Ն­ման դժո­ւա­րու­թեան դի­մաց գտնո­ւե­ցանք, երբ կը պատ­րաս­տէինք ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տա­կան թղթած­րա­րը: Եւ ճիշդ ա­սոր հա­մար մենք յա­ճա­խա­կի ա­ռիթ­նե­րով շեշ­տած ենք Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Կի­լի­կիոյ ազ­գա­պատ­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ամ­բող­ջա­կան ցան­կագ­րու­մը կա­տա­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Այս մա­սին կու­զենք մեր տե­սա­կէ­տը պար­զել.-

ա.) Վս­տա­հա­բար, Ան­թի­լիա­սի ար­խի­ւա­տան ա­ռըն­թեր մեր կա­լո­ւած­նե­րու գծով փաս­տա­թուղ­թեր գո­յու­թիւն ու­նին նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւա­տան, Ս. Էջ­միած­նի, ­Պոլ­սոյ եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի ար­խի­ւա­տու­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Զմ­մա­ռի, ­Վե­նե­տի­կի ու ­Վիեն­նա­յի ար­խի­ւա­տու­նե­րուն եւ ­Փա­րի­զի ­Նու­պա­րեան ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ: Վս­տա­հա­բար, հայ ըն­տա­նիք­նե­րէն ո­մանք պա­հած են ի­րենց սե­փա­կա­նու­թիւ­նը ե­ղող կա­լո­ւա­ծագ­րե­րը:

բ.) ­Մաս­նագ­տէ­նե­րու փոքր յանձ­նա­խումբ մը, բաղ­կա­ցած ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան, Ս. Էջ­միած­նի, Ան­թի­լիա­սի, ­Հայ ­Դա­տի գրա­սե­նեա­կին ու ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ, շու­տով պէտք է լծո­ւի ա­ռա­ջին հեր­թին ազ­գա­պատ­կան ու ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան եւ ա­պա ան­հա­տա­կան կա­լո­ւած­նե­րու հա­ւաք­ման, մաս­նա­գի­տա­կան ցան­կագ­րու­մի ու ու­սում­նա­սի­րու­թեան աշ­խա­տան­քին:

գ.) ­Կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը յա­րա­կից փաս­տա­թուղ­թե­րով ու ցան­կե­րով պէտք է թարգ­մա­նո­ւի օ­տար լե­զու­նե­րու:

Ն­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը կը պա­հան­ջէ լուրջ, հե­տե­ւո­ղա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք: Այս աշ­խա­տան­քին պէտք է շու­տով լծո­ւինք, ո՜ւշ ենք ար­դէն, ե­թէ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան գծով լուրջ է մեր մօ­տե­ցու­մը: Այ­լա­պէս, հոս ու հոն կա­տա­րո­ւած կողմ­նա­կի աշ­խա­տանք­ներն ու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, որ­քան ալ գնա­հա­տե­լի ըլ­լան, կը դառ­նան պա­տա­հա­կան ու ժա­մա­նա­կի վատ­նում: ­Կը յու­սանք, որ յա­ռա­ջի­կա­յին կազ­մո­ւե­լիք ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Խոր­հուր­դը այս եւ հա­մա­հայ­կա­կան բնոյթ ու­նե­ցող այլ ծրա­գիր­նե­րով ու աշ­խա­տանք­նե­րով պի­տի զբա­ղի կազ­մա­կերպ մօ­տե­ցու­մով եւ, ինչ­պէս յա­ճախ կը շեշ­տենք, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի մի­ջեւ դե­րե­րու յստա­կե­ցու­մով ու աշ­խա­տան­քի բա­ժա­նու­մով:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ի­մա­ցած ենք, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի ար­խիւ­նե­րուն մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու յատ­կա­պէս կա­լո­ւած­նե­րու հետ կապ ու­նե­ցող կա­րե­ւոր վա­ւե­րա­գիր­ներ գո­յու­թիւն ու­նին՝ ­Պոլ­սոյ ­Զա­ւէն ­Պատ­րիար­քին կող­մէ փո­խադ­րո­ւած: ­Ճի՞շ­դէ այս տե­ղե­կու­թիւ­նը:

Բ­նա­կա­նա­բար այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թիւ­նը պէտք է տայ: Ն­ման պա­րա­գա­նե­րու, անձ­նա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րէ ու են­թադ­րու­թիւն­նե­րէ հարկ է խու­սա­փիլ ու դի­մել յստակ աղ­բիւր­նե­րու:

­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը ապ­րած եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Զա­ւէն ­Պատ­րիարք, «­Պատ­րիար­քա­կան ­Յու­շերս - ­Վա­ւե­րա­գիր­ներ եւ Վ­կա­յու­թիւն­ներ» (­Գա­հի­րէ, 1947) խո­րագ­րով իր գիր­քին մէջ, կը գրէ.- «1938ի ա­մա­ռը յատ­կա­պէս Ե­րու­սա­ղէմ գա­ցի, աչ­քէ ան­ցը­նե­լու հա­մար ­Տե­ղե­կա­տու ­Դի­ւա­նի թղթած­րար­նե­րը, ո­րոնք ղրկո­ւած էին 1922 ­Նո­յեմ­բե­րին ­Ման­չէս­թըր՝ ­Պա­լա­քեան Գ­րի­գո­րիս Եպս.ին՝ ի պահ եւ ո­րոնք, հե­տա­գա­յին, ­Թոր­գոմ ­Պատ­րիար­քի ջան­քե­րով փո­խադ­րո­ւած էին Ե­րու­սա­ղէմ, ուր կը պա­հո­ւէին խնամ­քով: ­Մե­ծա­պէս ա­նակն­կա­լի ե­կայ տես­նե­լով հոն կա­տա­րեալ հա­ւա­քա­ծոյ մը վա­ւե­րա­գիր­նե­րու եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու 1918-1922 բո­լոր կա­րե­ւոր դէպ­քե­րուն» (էջ 303): Իսկ նոյն հա­տո­րին հրա­տա­րա­կիչ մար­մի­նը գիր­քին «­Զե­կոյց»ի բաժ­նին մէջ կը գրէ.- «­Բա­րե­բախ­տա­բար իր պատ­րիար­քու­թեան շրջա­նի թուղ­թե­րը եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը Կ. ­Պո­լի­սէն իր հրա­մա­նով ­Մար­սի­լիա եւ ան­կէ Ե­րու­սա­ղէ­մի վան­քը փո­խադ­րո­ւած էին: Ուս­տի՝ Ն. Ա­մե­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը յանձն ա­ռաւ եր­թալ Ե­րու­սա­ղէմ եւ զա­նոնք աչ­քէ ան­ցը­նել»: ­Յի­շեալ վկա­յու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի ար­խիւ­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր վա­ւե­րա­թուղ­թեր գո­յու­թիւն ու­նին, ո­րոնք կը կա­րօ­տին պրպտու­մի եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեան:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, վեր­ջին հար­ցում մը. ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին գծով ո­րե­ւէ ը­սե­լիք ու­նի՞ք:

­Դա­տը Ապ­րիլ 27ին յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին: Օ­րին դա­տա­րա­նը մեզ­մէ ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­զեց. փո­խան­ցե­ցինք: ­Յայտ­նենք, որ 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 2015ին ­Պոլ­սոյ մէջ մեր դա­տին շուրջ կազ­մա­կեր­պո­ւած մամ­լոյ ա­սու­լի­սը լայն ար­ձա­գանգ գտաւ. ա­ւե­լի քան 70 մամ­լոյ օր­կան­ներ անդ­րա­դար­ձան այս մա­սին: ­Թուր­քիոյ մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ներս եւս ո­րոշ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին շուրջ: ­Մեր առ­նե­լիք յա­ռա­ջի­կայ քայ­լե­րուն մա­սին շու­տով խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նանք մեր ի­րա­ւա­գէտ­նե­րուն հետ: