• Վերջերս, Ֆիքսի Ազգ. Միացեալ վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտները (թիւով 17), իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ, ծովագնացութիւն մը կազմակերպեցին դէպի Էղինա: Սոյն ծովագնացութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ՝ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.վրդ. Խանցեանը: Առաւօտեան ժամը 8-ին Փիրէայէն նաւը առին: Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ հաճելի ճամբորդութիւն մը կատարելէ ետք, հասան Էղինա: Գերյարգելի Խանցեան վարդապետի կարգադրութեամբ, ծովեզերեայ գեղեցիկ ու ծառախիտ շէնքի մը մէջ հիւրասիրուեցան: Կէս ժամ հանգչելէ ետք, տղաքը՝ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեան տակ, խմբովին ծով առաջնորդուեցան իրենց լոգանքը առնելու: Ծովափը հայկական բարբառով  լեցուեցաւ: Կէսօրուան ճաշէն ետք, աշակերտները ու ուսուցիչները քիչ մը հանգչեցան ծառերուն տակ: Ապա շրջանաւարտները սկսան հայկական պարեր պարել ու երգեր երգել, հաճելի մթնոլորտ  ստեղծելով: Երեկոյեան ժամը 5-ին, վերստին ծով մտան ու անկէ վերջ քաղաքը պտտելէ ետք, նաւ մտան ու վերադարձան Փիրէա: Տղաքը, շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն, իրենց պարգեւած այս անմոռանալի օրուան համար: Նաեւ ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին գերյ. Խանցեան վարդապետին ու Ազգ. կեդր. վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Ներսէս Յակոբեանին, որոնք այս ծովագնացութեան առթիւ, ութը քիլոնոց գառնուկ մը եւ տասը քիլօ պտուղ տրամադրեցին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան համար:

  • Յուլիսի մէջ Ֆիքսի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի Պատանեկան «Սաթենիկ» եւ «Վազրիկ» խումբերը դաշտագնացութիւն մը կազմակերպեցին՝ Այ-Անտրէայի ծառախիտ ծովափը: Զուարթ ու հաճելի օր մը անցնելէ ետք, երեկոյեան վերադարձան տուն, գոհ ու կենսունակ սրտով: