Մայիս 7ին, աթենահայ սիրուած երգչուհի տիկին Ծաղիկ Գազանճեան, Պետական Օփերայի մէջ, Փուչինիի «Պոէմ» օփերայի Միմիի գլխաւոր դերը ստանձնած էր։ Ներկայացումը յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ տիկին Գազանճեան ջերմօրէն ծափահարուեցաւ ունկնդիրներուն կողմէ, որոնց մէջ կային նաեւ բազմաթիւ

արուսետասէր հայրենակիցներ, որոնք փութացած էին հայ արուեստագիտուհիին յաղթանակը ողջունելու։ Երաժշտական ծանօթ քննադատ տիկին Ալեքսանտրա Լալաունի, Շաբաթ օրուան ներկայացման մասին «Վրատինի» երեկոյեան օրաթերթին Մայիս 12ի թիւին մէջ հրատարակած է յօդուած մը, ուր կը գրէ.¬ «Հրաշալի լիրիկ¬տրամաթիկ սոփրանօ Ֆլորա Գազանճեանը, զոր ասկէ առաջ ալ լսած ենք եւ որ զարմանալիօրէն դուրս կը մնայ մեր պետական օփերայէն ¥Լիրիքի Սքինի¤։ Իր գեղեցիկ երեւոյթով եւ իր ձայնի հարստութեամբ, տիկին Գազանճեան «Պոէմ»ին մէջ ստեղծեց յուզիչ Միմի մը, սկիզբը քիչ մը երկչոտ ¬ թէեւ այդ ալ կը յարմարէր իր դերին»։


Փարիզի համալսարանական Ուսանողութեան Ոստանի Հայկ. Տան ուսանողութիւնը գնահատելի գաղափարը ունեցած է տօնելու «Հայ Մշակոյթի Շաբաթ» մը, Մայիս 3էն 13։ Ձեռնարկի հիմնական նպատակը եղած է հայ ժողովուրդն ու իր դարաւոր հարուստ մշակոյթը ծանօթացնել օտար շրջանակներու, յատկապէս օտար բազմահազար ուսանողութեան։ Յայտագրին մաս կազմող բոլոր բանախօսութիւնները ընդհանուր գիծերու մէջ նախապէս բազմագրուած ու ցրուած են հանդիսականներուն։ Կազմակերպուած է նաեւ  հայ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէս մը։ Բոլոր ներկաներն ալ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ անվերապահ հիացումով դիտած են հայ մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը ներկայացնող ցուցադրուած զանազան առարկաները ¥ձեռագիրներ, բնանկարներ, լուսանկարներ, գիրքեր, թերթեր, Հայաստանեան արտադրութիւններ, հայկական հին դրամներ, գորգեր, եւայլն¤ որոնք իրենց բարձր արժէքով եւ հայկական դրոշմով ցուցահանդէսին տուած են փոքրիկ թանգարանի մը երեւոյթը։