- Մ. Մ. Օննիկեան ստորագրութեամբ թղթակցութիւն մը հրատարակուեցաւ «Ազատ Օր»ի Մարտ 17ի էջին մէջ, ուր նկարագրականը կþըլլար, Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած անդամական թէյասեղանին՝ Մարտ 4ին, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» ակումբին մէջ։ Բաւական թիւով տիկիններ եւ օրիորդներ եկած էին քաջալերելու Հ. Կ. Խաչի այդ ձեռնարկը։ Ներկայ էին նաեւ՝ Հ. Կ. Խաչի Շրջ. Վարչութեան եւ քոյր մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչները։ Օր. Շաքէ Ղազերեան հակիրճ խօսքերով հաւաքոյթին բացումը կատարելէ ետք՝ դասախօսելու հրաւիրեց պրն. Յարութիւն Մխիկեանը։ Պրն. Մխիկեան պարզ ու հասկնալի լեզուով ըրաւ շինիչ դասախօսութիւն մը, նիւթ ունենալով՝ «Մշակոյթը դարերու ընդմէջէն»։ Լայնօրէն անդրադարձաւ մշակոյթի եւ ի մասնաւորի գրականութեան ազդեցութեան՝ ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան ու կեանքին վրայ։ Ապա՝ խօսեցաւ մեր գոյապայքարին մէջ հայ մշակոյթին վերապահուած մեծ դերին մասին։ Պրն. դասախօսը ջերմ կոչ ըրաւ ներկայ բոլոր մայրերուն ու քոյրերուն, որ գուրգուրան հայ մշակոյթին վրայ ու պահպանեն զայն իբրեւ թանկագին գանձ։ Շեշտեց՝ թէ մեր ամէնէն կարեւոր զէնքերն են մեր լեզուն ու գրականութիւնը։ Պրն. Մխիկեանի այս գեղեցիկ դասախօսութիւնը արժանացաւ ջերմ գնահատանքի եւ ծափերու։ Օրուան նախագահուհին իր շնորհակալութիւնները յայտնեց պրն. դասախօսին եւ ապա՝ վարչութեան անդամուհիները ներկաներուն մեծարեցին թէյ ու զանազան խմորեղէններ։ Ի վերջոյ վիճակահանութեան դրուեցաւ գեղեցիկ պզտիկ ձեռագործ մը, զոր պատրաստած էր օր. Երանուհի Կարապետեան։ Նախագահուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու փակուած յայտարարեց հաւաքոյթը։

- Պոլսոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցած է հաւաքական պսակադրութիւնը Սինոպցի տասը հայ զոյգերու, որոնք՝ քաղաքական պսակէն ետք կարելիութիւն չեն ունեցած կրօնական պսակ ալ կատարելու։ Նոյն եկեղեցիին մէջ,  քանի մը օր յետոյ տեղի ունեցած է վերոյիշեալ զոյգերու 40ի մօտ զաւակներուն մկրտութիւնը¬նորածիններէ սկսեալ մինչեւ 30-35 տարեկան երիտասարդներ։