Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

«Լ՛Օրիան»ի ցուցասրահին մէջ ցուցադրութեան դրուած են Փոլ Կիրակոսեանի նկարները: Ահաւասիկ նկարիչ մը, որուն նկարներուն ցուցադրութեան կþարժէ երթալ, ո՛չ միայն այս տարի, այլեւ յառաջիկայ տարիներուն: Կþըսենք՝ յառաջիկայ տարիներուն, որովհետեւ իրապէս հետաքրքրական է անոր արուեստին հոլովոյթը: Տեսակցութեան մը ընթացքին Կիրակոսեան անկեղծօրէն ու համոզումով կը խօսի ընդհանրապէս նկարչական արուեստի մասին: Իր գաղափարները յստակ ու պարզ են: «Ինծի համար ձեւադրոշմը (figurative) իր վերջնական ձեւին հասած չըլլալով՝ կը փորձեմ այս ճիւղին մէջ նորութիւն մը բերել: «Արեւելքի տաք գոյներով, ուժեղ զգացումներով եւ աւելի յախուռն խառնուածքով, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի պաղարիւն իմացականութեամբ կը փորձեմ նոր արտայայտութեան աշխարհ մը ստեղծել արուեստական կեանքի հոլովոյթին ընթացքով»: Կիրակոսեանի նկարները կը ցոլացնեն այս համոզումը: Ազդուած հին եգիպտական, սումերական, բիւզանդական, հայկական եւ նոյնիսկ Ծայրագոյն Արեւելքի արուեստներէն, որ կը կազմեն իր արուեստի արուեստախառն (academique) մասը: Անոնց վրայ ան կþաւելցնէ նիւթը (sujet), որ իր մօտ կը յատկանշուի կնոջ գաղափարով: Կիրակոսեանի համար կնոջ պատկերը ամէն ինչ է: Ան սէրը, ընտանիքը, զաւակները, զգացումը, նախանձը, մահը, մէկ խօսքով, կեանքը իր ամբողջութեամբ կը տեսնէ կնոջ մէջ: Մինչ այրը, աւելի առարկայապաշտ, թռիչքով լեցուն բազուկ եւ ուժ է, կինը համակ գուրգուրանք, մարդկայնութիւն եւ ամբողջական նուիրում ու սրբութիւն է: Ահա այս է պատճառը, որ իր նկարները կը կրկնեն նոյն նիւթը՝ կինը: Առանձին, խումբով, շրջապատուած պզտիկներով եւ այլն: Կը կարծենք, որ Կիրակոսեանի արժէքներէն մէկն ալ այս անսպառ նիւթի կրկնութեան մէջ կը կայանայ: Արուեստի պատմութեան մէջ, ընդհանրապէս, բոլոր արուեստագէտները իրենք զիրենք կրկնած են, մինչեւ որ հասած են իրենց գաղափարներու, գոյնի եւ ձեւի բիւրեղացման: Առանց իր նիւթը առանձնապէս փոխելու՝ Կիրակոսեան կրնայ ներկայացնել գարունը, բնութիւնը, փոթորիկն ու հովը, միայն ու միայն գոյներու հետ խաղալով: