Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- 16 Դեկտեմբերի երեկոյեան, անդամներու եւ համակիրներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր Հալէպի Համազգայինի «Մարտիկեան» սրահը: Միութիւնը բացումը կը կատարէր ձմրան եղանակի իր դասախօսական, գեղարուեստական, ընկերային ձեռնարկներու շարքին: Միութեան նախագահ Պարգեւ Միսիրեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան նախագահ հայր Մեսրոպ Աշճեան իր խօսքը ըսաւ հայոց Գողգոթայի մասին, ապա՝ բացատրողականը ըրաւ Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց դանտէականը եւ հայ կոտորածների յաւերժասուգին» քերթուածավէպին: Յարութիւն Ձորեցի ընթերցումը ըրաւ «Հայոց դանտէականը»ին, ասմունքի ձեւով: Ձեռնարկը աւելի արժէքաւորուեցաւ իր նուագախառն եւ երգախառն բաժիններով. ամբողջ ասմունքի ընթացքին նիւթին հետ ներդաշնակ  եւ առնչութիւն ունեցող երաժշտութիւն մը տրուեցաւ, իսկ երբ ակնարկութիւն կþըլլար Կոմիտասին, Անդրանիկին, Սմբատին, Աղբիւր Սերոբին, Համազգայինի երգչախումբին մէկ մասը անոնց նուիրուած երգեր կþերգէր, մեղմ ու յուզումնալից:

- Կիրակի՝ 19 Դեկտեմբերին, Համազգայինի անդամ-անդամուհիները հաւաքուած էին գինեսեղանի մը շուրջ, իրենց կեդրոնատեղին: Հանդիպումը կը կրէր զուտ անդամական բնոյթ: Գործադրուեցաւ խիստ հետաքրքրական յայտագիր մը: Ընկերային յանձնախումբը ճիգ չէր խնայած տրամադրութիւնները բարձրացնելու առիթներ ստեղծելու համար: Մեներգ, նուագ, պար, սալոնային խաղեր իրարու յաջորդեցին՝ ստեղծելով ջերմիկ մթնոլորտ մը: Յաջորդաբար մեներգեցին՝ Զուարթ Քէյվանեան, Սարգիս Սարգիսեան, Կարապետ Ատանալեան, Գրիգոր Թիւթիւնճեան, Յովհաննէս Աւագեան: Մէջընդմէջ նուագեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի երէց սկաուտներէ բաղկացած կիթառիստներու «Շեքըրս» խումբը, որ Հալէպի «Նետի Սաատ»ին տրամադրած միջ-խմբային բաժակը շահած է, եւրոպական դասական պարերու ուղիով, ինչպէս նաեւ Համազգայինի նուագախումբը, որ հայկական պարերու շարք մը պարտադրեց ներկայ երկսեռ երիտասարդութեան, ոգեւորութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին: