- Հ.Յ.Դ. «Սարգիս Մինասեան» կոմիտէն ճաշկերոյթով մը նշեց իր հիմնադրութեան 39րդ տարեդարձը եւ, միեւնոյն ատեն, իր գնահատանքի արտայայտութիւնը բերաւ Կ. Մեհեանի գրական, հրապարակագրական եւ հանրային բազմամեայ գործունէութեան համար: Ս. Թիրեաքեան բացման խօսքին մէջ  արտայայտուեցաւ ձեռնարկի նպատակին մասին: Այս առթիւ յայտարարեց, թէ շրջանի ընկերները տասնամեակներէ ի վեր կը ձգտին կենդանի պահել գաղութին ազգային կեանքը եւ հայկական դիմագիծը: Խօսելով Կ. Մեհեանի գրական եւ հրապարակագրական վաստակի մասին, ան դիտել տուաւ, թէ դաշնակցական մտաւորականը մի՛շտ սատարած է հայ գրականութեան եւ զարգացուցած է հայ միտքը՝ ազգային-քաղաքական հանգանակներով: Յաջորդաբար խօսք առին՝ Խ. Մկրտիչեան, Կ. Յակոբեան, Ժ. Միրիճեան եւ Ա. Գրիգորեան: Վերջին խօսողը եղաւ Կ. Մեհեան, որ անդրադառնալով Դաշնակցութեան այսօրուան դերին՝ սեղմ գիծերով ներկայացուց քառասնամեայ պայքարը՝ մեր գաղութներուն՝ հոգելլկումի եւ մտալլկումի շըրջանէն մինչեւ այսօր, «Երբ այլեւս հողերու համազգային պահանջով մեր առաջադրութիւններէն մէկը համազգային է դարձած, իսկ անկախութեան գաղափարը, զոր աննկուն կերպով կանգուն պահեցինք, երբեւիցէ այնքան համահայկական չէր եղած, որքան այժմ»:

- Ֆրանսական երաժշտական «Վոկ» ընկերութիւնը մօտ օրէն հրապարակ պիտի հանէ նոր ձայնապնակ մը (տիսք), նուիրուած՝ այս անգամ Արա Պարթեւեանի ինքնուրոյն սիմֆոնիք երաժշտութեան: Ցարդ հրապարակուած ձայնապնակները յատկացուած էին հայ կրօնական եւ ժողովրդական երաժշտութեան: Այս վերջինը արուեստի բարձր մակարդակի ամբողջութիւն մըն է, որուն իրագործումը կատարած է Փարիզի համբաւաւոր քոնսեր Քոլոնի նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ հեղինակին, որուն տասնմէկերորդ ձայնապնակը պիտի ըլլայ: