• Ճոնի Հոլիտէյ յայտարարած է, թէ այսուհետեւ  միայն Ժորժ Կառվարենցի գրած ռոքերը պիտի երգէ, կը գրէ «Օրոր» իր Երկուշաբթի օրուան (16 Հոկտեմբեր) թիւին մէջ: Տիրան Ժորժ Կառվարենց, որ ըստ նոյն աղբիւրին, ի մօտոյ պիտի ամուսնանայ Այտա Ազնաւուրի հետ, կը շարունակէ այն փայլուն ասպարէզը, զոր սկսաւ «Թաքսի մը Թոպրուքի համար» շարժանկարին երաժշտութիւնը գրելով: Ինք է նաեւ Աշոտ Մալաքեանի վերջին ժապաւէնին՝ «Առիւծներ ձգուած են» (Լէ Լիոն սոն լաշէ) երաժշտութեան հեղինակը՝ առանց մոռնալու «Ժամադրութիւն ի Պրազիլիա», որ մեծ յաջողութիւն գտաւ Պրազիլի նոր մայրաքաղաքին «բացումին» առիթով: «Օրոր» նկար մըն ալ հրատարակած է՝ քաշուած Շարլ Ազնաւուր Մոնֆոր Լամորիի ապարանքին առջեւ, ուր կÿերեւին տանտիրոջ կողքին՝ Այտա Ազնաւուր, Տիրան-Ժորժ Կառվարենց, Ճոնի Հալիտէյ եւ Կարլօ Նիլ: Աշոտ Մալաքեանի վերջին ժապաւէնին աշխատակցած է նաեւ ուրիշ հայ մը՝ Մարտիկեան, իբրեւ օփերաթէօր: Այս երիտասարդ արուեստագէտին անունը յիշուած էր արդէն «Թաքսի մը Թոպրուքի համար» ժապաւէնին առթիւ:

 

  • Հայկական թատրոնի 2000 ամեակին առթիւ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Ալավերտիի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիոյ գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին կողմէ: Այցելուները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտած են Պ. Ադամեանի, Յովհ. Աբելեանի, Սիրանոյշի, Վ. Վաղարշեանի, Արուս Ոսկանեանի, Վ. Փափազեանի բեմական գործունէութիւնը պատկերացնող ցուցափեղկերը: Ցուցահանդէսին առթիւ կարդացուած են առանձին հատւածներ Երեւանի թատրոնի բեմադրութիւններէն:

 

  • Վերջ գտած են ամէն տարի կազմակերպուող խուլ-համրերու ոտնագնդակի այս տարուան մրցումները: Ախոյեան հռչակուած են Ուքրանիացիները, երկրորդ տեղը գրաւած են Ռուսերը, իսկ երրորդը՝ ապահոված են Հայերը: