ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի փոխանցած ուղղութեան համաձայն՝ այսօր Յուլիս   5-ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած  ուժերու շփման գծին վրայ տեղի կþունենայ հերթական դիտարկումը: Այս մասին «Արմենփրէս»-ին տեղեկացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ:

ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ Կ՝ԱՀԱԶԱՆԳԵՆ

Հայաստանէն արտագաղթը հասած է տագնապալի սահմանի: Այս նիւթով ահազանգ հնչեցուցին արտագաղթի ծաւալներով եւ երկրի ժողովրդագրական պատկերով մտահոգուած խումբ մը մտաւորականներ:

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէ ռուսական «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման առնչութեամբ, կողմերուն պիտի ներկայացուին լրացուցիչ առաջարկներ։

Յունիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Աղվերանի «Կարին» ճամբարին մէջ հիւրընկալած 2011թ. «Արի տուն» ծրագրի առաջին փուլի մասնակիցներուն:
Ծրագրի մասնակիցները իրենց տպաւորութիւնները ու զգացողութիւնները արտայայտեցին, ներկայացուցին ճամբարային օրերուն սորված ազգային երգերն ու պարերը, իսկ խարոյկի շուրջ՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, հարցեր ուղղեցին նախարարին:

Ուքրանիոյ նախագահը ըսած է թէ «Մենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ չենք, սակայն գործնական, բարեկամական, առեւտրատնտեսական հիանալի յարաբերութիւններ ունինք թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ, եւ մեր՝ ուքրանացի ժողովուրդի շահերէն կը բխի, որ այդ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորուի»: