- Փարիզեան բեմերու վրայ գնահատուած ֆրանսահայ դերասան Կրեկուար Ասլան (Գրիգոր Ասլանեան) 1963էն ի վեր իր գեղարուեստական գործունէութիւնը առաւելապէս կեդրոնացուցած է շարժանկարի աշխարհին մէջ: Հռչակաւոր աստղերու հետ Ասլան դարձուցած է բազմաթիւ ժապաւէններ: 1964ին Ասլան Լոնտոնի մէջ փայլուն յաջողութեամբ խաղացած է «Էմէ՞ վու լէ ֆամ» եւ

Ինչպէս կանխաւ յայտարարուած էր, Կիրակի՝ 13 Փետրուարին, Աթէնքի շքեղագոյն պանդոկներէն «Աքրոբոլ Փալաս»ի զոյգ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի եւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի բարեկենդանեան տարեկան միացեալ պարահանդէսը։ Ձեռնարկը՝ եկաւ անգամ մը եւս ապացուցանելու, որ հայ իրականութեան մէջ անզուգական կանացի այս մեծ

Կարգ մը գիտական հաստատութիւններ, Քոլոմպոսի կողմէ Ամերիկայի յայտնաբերման 500ամեակի նախօրեակին, հրատարակեցին քարտէս մը, որուն համաձայն, Ամերիկա գտնուած է նորվեկիացի վիքինկներու կողմէ: Այս յայտարարութիւնը եւ ցոյց տրուած փաստերը չունենալով որեւէ գիտական հիմք՝ հերքուեցան անմիջապէս: Վերջերս ճափոնցի գիտնականները յայտարարեցին, թէ

- Սուրիոյ պետական պաշտօնաթերթը իր 20 Յունուար 1966ի թիւին մէջ (թիւ 3) կը հաղորդէ, որ Լաթաքիոյ նահանգին մէջ, կեդրոնը Լաթաքիան ըլլալով, կառավարական արտօնագիրով (26 Դեկտեմբեր 1965 թուականով եւ 837 թուակիր) կազմուած է Համազգայինի մշակութային միութեան մասնաճիւղ մը:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար՝ Ֆարուք Սուքան, քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ մինչեւ Ապրիլ 30 մէկ յոյն իսկ պիտի չմնայ Թուրքիոյ մէջ: Մօտ տասներկու հազար յոյներ ստիպուեցան Թուրքիայէն հեռանալ 1963 Դեկտեմբերէն ի վեր՝ իբրեւ անմիջական հետեւանք այն տագնապին, որ ստեղծուեցաւ Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ, կիպրական հարցին առնչութեամբ: Թուրք