­altՀա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան 18 ­Հոկ­տեմ­բե­րին ըն­դու­նած է Ի­րա­նի պաշտ­պա­նու­թեան եւ զի­նո­ւած ու­ժե­րու ա­ջակ­ցու­թեան նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ, զօ­րա­վար ­Նաս­րուլ­լահ ­Քա­լան­թա­րիի գլխա­ւո­րած պա­տուի­րա­կու­թիւնն ու ­Հա­յաս­տա­նի

մօտ Ի­րա­նի դես­պան ­Սէ­յետ ­Քա­զեմ ­Սա­ճա­տին:

­Կող­մե­րը քննար­կած են հայ-ի­րա­նեան երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ՝ շրջա­նա­յին խնդիր­նե­րու ու հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման առն­չո­ւող հար­ցեր: Եր­կուս­տեք կա­րե­ւոր նկա­տած են ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան կա­պե­րը յա­ճա­խա­կի դարձ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Ի­րա­նեան կող­մը ­Վի­գէն ­Սարգ­սեա­նի փո­խան­ցած է Ի­րա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար եւ զի­նո­ւած ու­ժե­րու ա­ջակ­ցու­թեան նա­խա­րար, զօ­րա­վար ­Հու­սէյն ­Տեհ­ղա­նի շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մա­կը՝ ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նա­կան գե­րա­տես­չու­թեան ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լուն ա­ռի­թով:

­Նոյն օ­րը կա­յա­ցած է նաեւ ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու հան­դի­պում, ո­րուն մաս­նակ­ցած են ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ ­Դա­ւիթ ­Տօ­նո­յեան, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ-պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րու­թեան պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Դա­ւիթ ­Փախ­չա­նեան եւ հա­մա­պա­տաս­խան ո­լորտ­նե­րու մաս­նա­գէտ­ներ:

Աշ­խա­տան­քա­յին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են թի­կուն­քա­յին, կրթա­կան եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շա­րու­նա­կու­թեան եւ կա­պե­րու ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

Ա­ւե­լի ուշ ­Հա­յաս­տա­նի մօտ Ի­րա­նի դես­պան ­Սէ­յետ ­Քա­զեմ ­Սա­ճա­տի հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րար Իգ­նա­տի Ա­ռա­քե­լեա­նի հետ։

­Հան­դիպ­ման սկիզ­բը դես­պա­նը շնոր­հա­ւո­րած է Իգ­նա­տի Ա­ռա­քե­լեա­նը՝ գիւ­ղատնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նի ստանձն­ման առ­թիւ եւ յոյս յայտ­նած, որ ա­նոր պաշ­տօ­նա­վար­ման ըն­թաց­քին հայ-ի­րա­նեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի կ­՛ամ­րապն­դո­ւին երկ­րա­գոր­ծու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ։