Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt8 ­Սեպ­տեմ­բե­րին «Ար­մէնփ­րէս»ի մամ­լոյ սրա­հին մէջ Ար­դա­րու­թեան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու հայ­կա­կան ի­րա­ւա­կան

կեդ­րո­նի վար­չու­թեան նա­խա­գահ ­Քեն ­Խա­չի­կեան եւ ՀՅԴ ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, ­Բիւ­րո­յի ­Հայ ­Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու՝ վե­րո­յի­շեալ կեդ­րո­նի վար­չու­թեան ան­դամ ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան տո­ւին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րուն ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րե­ցին Ար­դա­րու­թեան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու հայ­կա­կան ի­րա­ւա­կան կեդ­րո­նի հաս­տատ­ման մա­սին։

Ա­նոնք հաս­տա­տե­ցին, որ կեդ­րո­նը պի­տի գոր­ծէ ի շահ հան­րու­թեան, ա­նոր նպա­տակն է յա­րա­տեւ լու­ծում­ներ գտնել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­կա­ւին շա­րու­նա­կո­ւող հա­մաշ­խար­հա­յին, ազ­գա­յին, հա­մայն­քա­յին եւ ան­հա­տա­կան հե­տե­ւանք­նե­րուն վե­րա­բե­րող՝ այս­պի­սով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցե­րուն առն­չո­ւած ի­րա­ւա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը տե­ղա­փո­խե­լով նոր մա­կար­դակ։

«Այ­սօր ալ ­Թուր­քիան, ո­րե­ւէ զղջում չցու­ցա­բե­րե­լով, պա­շար­ման մէջ կը պա­հէ աշ­խար­հի հայ գա­ղութ­նե­րը, շրջա­փա­կած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թիւ­նը, կը բոր­բո­քէ պա­տե­րազ­մի բո­ցը, կը զրկէ ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յի բնիկ հա­յե­րը կրօ­նա­կան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րէն, կը փոր­ձէ լռեց­նել Ս­փիւռ­քի գա­ղութ­նե­րը, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ մե­ծա­պէս ազ­դել հա­յե­րուն ի­րա­ւունք­նե­րուն վրայ:

Այս կեդ­րո­նը ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու եւ հար­թակ­նե­րու ճամ­բով պի­տի փոր­ձէ հաս­նիլ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­դա­րա­ցի լուծ­ման եւ պաշտ­պա­նել Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւուն­քը», ը­սաւ ­Քէն ­Խա­չի­կեան:
­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան նշեց, որ կեդ­րո­նը պի­տի ջա­նայ հա­մա­կար­գել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րուն առն­չո­ւող հայ­ցե­րը, յայտ­նա­բե­րել հայ­ցո­ւոր­ներ, հե­տաքն­նել խախ­տում­նե­րը եւ հա­ւա­քել անհ­րա­ժեշտ ա­պա­ցոյց­ներ:

«­Հայ ­Դա­տի յանձ­նախմ­բե­րի կա­տա­րած աշ­խա­տանք­ներն ա­ւե­լի շատ քա­ղա­քա­կան բնոյ­թի են: Այս կենտ­րո­նը, որ­պէս ի­րա­ւա­կան կա­ռոյց, նախ հա­ւա­քել է գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, կա­տա­րե­լու է նաեւ նոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ՝ պար­զե­լու հա­մար, թէ ինչ ի­րա­ւա­կան հայ­ցեր կա­րող է նա­խա­ձեռ­նել: ­Կենտ­րո­նը կա­րող է ին­քը նա­խա­ձեռ­նել, կա­րող է դա ա­նել այլ ի­րա­ւա­տէ­րե­րի հետ:

Ա­մէն դէպ­քում, հի­մա կայ կենտ­րոն, ո­րից կա­րե­լի է ակն­կա­լել, որ առ­նո­ւազն տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րի մա­սին կը տայ ի­րա­ւա­կան խորհր­դա­տո­ւու­թիւն: ­Մենք տե­սել ենք ո­րոշ դէպ­քեր, երբ խմբա­յին հայց է ե­ղել, սա­կայն ինչ-որ փու­լում հայց ներ­կա­յաց­նող­նե­րը զգա­ցել են, որ ի­րա­ւազր­կո­ւել են: Այս կենտ­րո­նի ան­մի­ջա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հիմ­նո­ւե­լու են այդ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րի վրայ, որ­պէս­զի տես­նենք, թէ ինչ ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­ւա­կան հար­ցե­րը կա­րող ենք ա­ռաջ տա­նել», յայ­տա­րա­րեց ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան:

Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ կան տար­բեր դա­տա­կան հայ­ցեր թէ՛ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ թէ տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ: ­Կեդ­րո­նը նաեւ պի­տի հե­տե­ւի այդ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն: ­Մա­նո­յեան դի­տել տո­ւաւ, որ ցարդ կա­տա­րո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քը այն­քան ալ կա­տա­րեալ չէ, երբ կը վե­րա­բե­րի ան­ցած ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը սրբագ­րե­լուն:

«­Ներ­կա­յում պէտք է կենտ­րո­նա­նալ տար­բեր պե­տու­թիւն­նե­րի, այդ թւում, ­Թուր­քիա­յի, դա­տա­րան­նե­րի վրայ, տես­նենք, թէ ինչ կա­րե­լի է ձեռ­նար­կել: ­Կան նա­խա­դէ­պեր, երբ հա­յե­րը թուր­քա­կան դա­տա­րան­նե­րում հայ­ցեր են ներ­կա­յաց­րել եւ ո­րոշ չա­փով ի­րենց ի­րա­ւուն­քը վե­րա­կանգ­նո­ւել է: ­Կան նա­խա­դէ­պեր, երբ այլ ազ­գի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ով­քեր ո­րե­ւէ պե­տու­թեան կող­մից ա­նար­դար վե­րա­բեր­մուն­քի են ար­ժա­նա­ցել, պե­տու­թեան դէմ գործ են յա­րու­ցել եւ դրա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան են յան­գել», ա­ւել­ցուց Կ. ­Մա­նո­յեան:

Ան դի­տել տո­ւաւ, որ կեդ­րո­նը պի­տի ար­ձա­գան­գէ հա­յոց ազ­գա­յին, հա­մայն­քա­յին եւ անձ­նա­կան գոյ­քի զաւ­թում­նե­րուն, որ­պէս­զի գտնէ այն­պի­սի լու­ծում­ներ, ո­րոնք տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ պի­տի հաս­տա­տեն յա­րա­տեւ խա­ղա­ղու­թիւն եւ կա­յու­նու­թիւն՝ հիմ­նո­ւած ար­դա­րու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան վրայ:
«­Կենտ­րո­նը ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան աս­պա­րէզ­նե­րում ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար հա­տուց­ման հաս­նե­լու իր ջան­քերն ի­րա­գոր­ծե­լիս, յանձն է առ­նում ա­պա­հո­վել ար­դա­րու­թիւն բո­լոր նրանց հա­մար, ով­քեր դե­ռեւս կրում են այս յան­ցա­գոր­ծու­թեան վէր­քե­րը: Իսկ ա­ւե­լի լայն ա­ռու­մով, որ­պէս մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րի հա­մաշ­խար­հա­յին շարժ-մա­նը նո­ւի­րո­ւած կազ­մա­կեր­պու­թիւն, Հ.Ի.­Կը, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան ար­ժէք­նե­րին հա­մա­հունչ ի­րա­ւա­կան նա­խա­դէ­պեր ստեղ­ծե­լու եւ հա­մա­պա­տաս­խան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մշակ­մա­նը ա­ջակ­ցե­լու մի­ջո­ցով, աշ­խա­տե­լու է ա­պա­գայ բռնու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու ուղ­ղու­թեամբ», ա­ւել­ցուց ­Մա­նո­յեան։

­Նա­խորդ դա­րաս­կիզ­բին ներ­կա­յի ­Թուր­քիոյ տա­րած­քը մի­լիո­նա­ւոր հա­յե­րէ, յոյ­նե­րէ, պոն­տոս­ցի­նե­րէ, ա­սո­րի­նե­րէ, քաղ­դէա­ցի­նե­րէ բաղ­կա­ցած մե­ծա­թիւ, հնա­մեայ եւ կեն­սու­նակ, բնիկ քրիս­տո­նեա­նե­րու հայ­րե­նիքն էր, ա-նոնք կը կազ­մէին բնակ­չու­թեան շուրջ 25 տո­կո­սը: Այ­սօր այդ հա­մայնք­նե­րը կը կազ­մեն ­Թուր­քիոյ բնակ­չու­թեան ըն­դա­մէ­նը 0.1 տո­կո­սը: ­Մար­դիկ հե­տապն­դո­ւած են ի­րենց դէմ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին խօ­սե­լու կամ գրե­լու հա­մար, իսկ ­Թուր­քիան Ատր­պէյ­ճա­նի հետ սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով շրջա­փա­կած է ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը, ուր կը բնա­կին թոռ­նե­րը այն ան­ձե­րուն, ո­րոնց կը փոր­ձէին բնաջն­ջել:
«­Տաս­նա­մեակ­ներ անց ար­դէն պարզ է, որ հար­կա­ւոր է այն­պի­սի մո­դել, ո­րը հիմ­նո­ւած կը լի­նի ար­դա­րու­թեան, այլ ոչ՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վրայ: Հ.Ի.­Կը լրաց­նե­լու է այդ բա­ցը», հաս­տա­տեց ­Մա­նո­յեան:

Ս­տո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք Հ.Ի.Կ.ի հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը.-

Այ­սօր մենք կը յայ­տա­րա­րենք բա­ցու­մը Ար­դա­րու­թեան եւ ­­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­­Հայ­կա­կան Ի­րա­ւա­կան ­­Կեդ­րո­նին (Հ.Ի.Կ.), որ ի­րա­ւա­կան կա­ռոյց է, պի­տի գոր­ծէ ի շահ հան­րու­թեան, եւ ո­րու նպա­տակն է յա­րա­տեւ լու­ծում­ներ գտնել ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­կա­ւին շա­րու­նա­կո­ւող հա­մաշ­խար­հա­յին, ազ­գա­յին, հա­մայն­քա­յին եւ ան­հա­տա­կան հե­տե­ւանք­նե­րու հար­ցին:

Այ­սօր ալ, երբ ­­Թուր­քիան, ո­րե­ւէ զղջում չցու­ցա­բե­րե­լով՝ պա­շար­ման մէջ կը պա­հէ աշ­խար­հի հայ հա­մայնք­նե­րը, շրջա­փա­կած է ­­Հա­յաս­տա­նի եւ ­­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թիւ­նը, կը բոր­բո­քէ պա­տե­րազ­մի բո­ցը, կը զրկէ այ­սօ­րո­ւան ­­Թուր­քիոյ բնիկ հա­յե­րը կրօ­նա­կան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րէ, կը փոր­ձէ լռեց­նել Ս­փիւռ­քի հա­մայնք­նե­րը, ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ մե­ծա­պէս ազ­դել հա­յե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն վրայ:

Հ.Ի.Կ.ը ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու եւ հար­թակ­նե­րու մի­ջո­ցով պի­տի փոր­ձէ հաս­նիլ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­դա­րա­ցի լուծ­ման եւ պաշտ­պա­նել Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւուն­քը: Հ.Ի.Կ.ը պի­տի ջա­նայ հա­մա­կար­գել մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց խախ­տում­նե­րուն առն­չո­ւող հայ­ցե­րը, յայտ­նա­բե­րել հնա­րա­ւոր հայ­ցո­ւոր­նե­րուն, հե­տաքն­նել խախ­տում­նե­րը եւ հա­ւա­քել անհ­րա­ժեշտ ա­պա­ցոյց­ներ:

«Հ.Ի.Կ.ը կ­­՚ակն­կա­լէ աշ­խար­հի հայ հա­մայնք­նե­րու բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րուն հետ միաս­նա­բար աշ­խա­տիլ՝ անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար ­­Թուր­քիոյ ­­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ այ­լոց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան՝ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան, տա­րած­քա­յին եւ խո­շոր-տնտե­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ա­րեւմ­տեան ­­Հա­յաս­տան հայ­րե­նի­քի, ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ հա­մա­պա­տաս­խան սփիւռ­քեան եւ այլ շա­հա­ռու­նե­րուն հա­տու­ցե­լու, ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րուն, յատ­կա­պէս երբ այ­սօր ­­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հար­ցա­կա­նի տակ են՝ գլխա­ւո­րա­բար ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով»,- ը­սաւ Հ.Ի.Կ.ի Տ­նօ­րէն ­­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­­Քէ­նեթ ­­Խա­չի­կեա­նը:
­­Կեդ­րո­նը, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան գոր­ծու­նէու­թեան զու­գա­հեռ,

իր ու­շադ­րու­թիւ­նը պի­տի սե­ւե­ռէ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին յափշ­տա­կո­ւած կամ բռնագ­րա­ւո­ւած հա­ւա­քա­կան գոյ­քի եւ այլ ու­նե­ցո­ւած­քի վրայ, ո­րոնց կար­գին՝ ե­կե­ղե­ցի­ներ, կրօ­նա­կան վայ­րեր, հաս­տա­տու­թիւն­ներ, դպրոց­ներ, թան­գա­րան­ներ, մշա­կոյ­թի գոր­ծեր, մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ, գիր­քեր եւ այլ ու­նե­ցո­ւածք:
Հ.Ի.Կ. պի­տի ար­ձա­նագ­րէ հա­յու­թեան ազ­գա­յին, հա­մայն­քա­յին եւ անձ­նա­կան գոյ­քի բռնա­զաւ­թում­նե­րը, որ­պէս­զի գտնէ այն­պի­սի լու­ծում­ներ, ո­րոնք տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կը հաս­տա­տեն յա­րա­տեւ խա­ղա­ղու­թիւն եւ կա­յու­նու­թիւն՝ հիմ­նո­ւած ար­դա­րու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան վրայ:

«Հ.Ի.Կ.ը, ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար հա­տուց­ման հաս­նե­լու իր ջան­քե­րը ի­րա­գոր­ծած ա­տեն, յանձն կ­­՚առ­նէ ա­պա­հո­վել ար­դա­րու­թիւն՝ բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք տա­կա­ւին կը կրեն այս ո­ճի­րին վէր­քե­րը: Իսկ ա­ւե­լի լայն ա­ռու­մով, որ­պէս մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժու­մին նո­ւի­րո­ւած կազ­մա­կեր­պու­թիւն, Հ.Ի.Կ.ը, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան ար­ժէք­նե­րուն հա­մա­հունչ ի­րա­ւա­կան նա­խա­դէ­պեր ստեղ­ծե­լու եւ հա­մա­պա­տաս­խան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մշա­կու­մին ա­ջակ­ցե­լու մի­ջո­ցով, պի­տի աշ­խա­տի ա­պա­գայ բռնու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու ուղ­ղու­թեամբ»,- ը­սաւ Հ.Ի.Կ. Տ­նօ­րէն ­­Խոր­հուր­դի ան­դամ ­­Կի­րո ­­Մա­նո­յեան:

Ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին, այ­սօ­րո­ւան ­­Թուր­քիոյ տա­րած­քը հայ­րե­նիքն էր մի­լիո­նա­ւոր հա­յե­րէ, յոյ­նե­րէ, պոն­տոս­ցի­նե­րէ, ա­սո­րի­նե­րէ, քաղ­դէա­ցի­նե­րէ բաղ­կա­ցած մե­ծա­թիւ, հնա­մեայ եւ կեն­սու­նակ, բնիկ քրիս­տո­նեա­նե­րու, ո­րոնք կը կազ­մէին բնակ­չու­թեան մօտ 25 տո­կո­սը: Այ­սօր այդ հա­մայնք­նե­րը կը կազ­մեն ­­Թուր­քիոյ բնակ­չու­թեան ըն­դա­մէ­նը 0,1 տո­կո­սը:

­­Մար­դիկ հե­տապն­դո­ւած են ի­րենց դէմ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին խօ­սե­լու կամ գրե­լու հա­մար, իսկ ­­Թուր­քիան Ատր­պէյ­ճա­նի հետ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով շրջա­փա­կած է ­­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը, ուր կը բնա­կին այն մար­դոց թոռ­նե­րը, ո­րոնց կը փոր­ձէր բնաջն­ջել:
­­Տաս­նա­մեակ­ներ անց ար­դէն պարզ է, որ հար­կա­ւոր է այն­պի­սի բնորդ, որ հիմ­նո­ւած կ­­՚ըլ­լայ ար­դա­րու­թեան, այլ ոչ՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վրայ: Հ.Ի.Կ.ը պի­տի լրաց­նէ այդ բա­ցը:

Հ.Ի.Կ.ի գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նը պի­տի ըլ­լայ ­­Քէյթ ­­Նա­հա­պե­տեան, հա­ւա­քա­կան հայ­ցե­րու մեծ փոր­ձա­ռու­թեամբ փաս­տա­բան, որ ա­ւե­լի քան տա­սը տա­րի Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ աշ­խա­տած է ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով: ­­Տի­կին ­­Նա­հա­պե­տեա­նը նա­խա­պէս աշ­խա­տած է ­­Հայ ­­Դա­տի Ա­մե­րի­կա­յի ­­Յանձ­նա­խում­բի Ո­ւա­շինկ­թը­նի գրա­սե­նեա­կին մէջ, Ա.Մ.Ն. Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ, այն ժա­մա­նակ ծե­րա­կու­տա­կան ­­Ճո­զէֆ ­­Պայ­տը­նի հետ եւ ­­Մի­ջազ­գա­յին ­­Խա­ղա­ղու­թեան ­­Գար­նը­կիի ­­Հիմ­նադ­րա­մին մէջ:

Ան մի­ջազ­գա­յին եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց գծով ի­րա­ւա­գի­տու­թեան դոկ­տո­րի աս­տի­ճան ստա­ցած է ­­Պըրք­լիի ­­Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նին ի­րա­ւա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քէն՝ մա­սամբ ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւե­լով հե­ղի­նա­կա­ւոր նոր ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րու հա­մար ­­Փօլ եւ ­­Տէյ­զի ­­Սո­րոս­նե­րու կրթա­թո­շա­կին կող­մէ: ­­Տիկ. ­­Նա­հա­պե­տեան ­­Գա­լի­ֆոր­նիոյ եւ ­­Նիւ Եոր­քի փաս­տա­բա­նա­կան պա­լատ­նե­րուն ան­դամ է: Այժմ ան կը զբա­ղո­ւի գլխա­ւո­րա­բար դաշ­նակ­ցա­յին դա­տա­րան­նե­րուն մէջ ըն­թա­ցող գոր­ծե­րով:

Հ.Ի.Կ.ի կեն­րո­նա­տե­ղին պի­տի գտնո­ւի Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, բայց պի­տի աշ­խա­տի մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զին մէջ՝ ու­շադ­րու­թիւ­նը սե­ւե­ռե­լով հա­տուց­ման հաս­նե­լու հա­մար բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն: Տ­նօ­րէն­նե­րու ­­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը թէ՛ ­­Հա­յաս­տա­նէն եւ թէ՛ Ս­փիւռ­քի հա­մայնք­նե­րէ են:

Տ­նօ­րէն ­­Խոր­հուր­դի նա­խա­գահն է ­­Քէ­նեթ ­­Խա­չի­կեան (Ա.Մ.Ն.), ով եր­կար տա­րի­ներ գոր­ծօն կեր­պով աշ­խա­տած է մեր հա­մայն­քին մէջ. Տ­նօ­րէն­նե­րու ­­Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներն են ­­Կա­րօ Ար­մե­նեան (Ա.Մ.Ն.), Ս­թիւ ­­Տա­տա­յեան (Ա.Մ.Ն.), ­­Յա­կոբ ­­Տէր-­­Խա­չա­տու­րեան (­­Գա­նա­տա), ­­Գէորգ ­­Յա­կոբ­ջեան (Աւստ­րիա), ­­Րաֆ­ֆի ­­Համ­բա­րեան (Ա.Մ.Ն.), ­­Խա­ժակ ­­Քոր­թեան (Աւստ­րա­լիա), ­­Կի­րօ ­­Մա­նո­յեան (­­Հա­յաս­տան), Է­դո­ւին ­­Մի­նա­սեան (Ա.Մ.Ն.), Ե­րո­ւանդ ­­Փամ­բու­քեան (­­Լի­բա­նան), ­­Րաֆ­ֆի ­­Սար­գի­սեան (­­Գա­նա­տա), դոկ­տոր ­­Հեն­րի ­­Թե­րիոն (Ա.Մ.Ն.), դոկ­տոր Վ­լա­դի­միր ­­Վար­դա­նեան (­­Հա­յաս­տան) եւ ­­Վա­հէ Եա­գու­պեան (Ա.Մ.Ն.):

­­Պի­տի ըլ­լայ նաեւ լայն ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհրդա­կան­նե­րու կազմ՝ բաղ­կա­ցած մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի, մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց եւ Հ.Ի.Կ.ի աշ­խա­տանք­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ ո­լորտ­նե­րու այլ փոր­ձա­գէտ­նե­րէ:

Հ.Ի.Կ.ը սկսած է ­­Հայ ­­Դա­տի Ա­մե­րի­կա­յի ­­Յանձ­նա­խում­բի հիմ­նադ­րա­մի ա­ռա­տա­ձեռն դրա­մաշ­նոր­հով եւ պի­տի ջա­նայ ստա­նալ հա­մայնք­նե­րու նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը՝ իր աշ­խա­տանք­նե­րը զօ­րաց­նե­լու հա­մար:
­­Յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թեան եւ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար կը խնդրենք, որ այ­ցե­լէք Հ.Ի.Կ.ի կայ­քը՝ www.armenianlegal.org հաս­ցէով։